«Հիւրրիյէ»չ կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ 92 տարեկանին մահկանացուն կնգած է թուրք ժամանակակից գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն Եաշար Քեմալը: Ան 1973ին Նոպէլեան Գրականութեան մրցանակի թեկնածու էր:
Ծագումով քիւրտ Եաշար Քեմալ Պոլսոյ մէկ հիւանդանոցը փոխադրուած էր 14 Յունուարին, թոքի բորբոքումի, սիրտի եւ շնչառութեան համակարգի խնդիրներու պատճառով:
Նոպէլեան մրցանակի առաջադրուած գրողը 2013ին Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութեան կողմէ արժանացած էր «Գրիգոր Նարեկացի» շքանշանին՝ իր հայանպաստ գործունէութեան համար: Ան մեծ աւանդ ունեցած է 1951ին Աղթամարի Ս. Խաչ հայկական եկեղեցին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ ոչնչացումէ փրկելու գործին մէջ:
1951ին, Թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած է եկեղեցին քանդելու ծրագիր մը: Թուրք զինուորական մը, ներքին կարգով տեղեկանալով այդ մասին՝ լուրը փոխանցած է այդ օրերու «Ճումհուրիյէ»չ թերթի թղթակից, ազգութեամբ քիւրտ Եաշար Քեմալին:
Գրող, լրագրող եւ հրապարակախօս Եաշար Քեմալ, իր կարգին, կը դիմէ բոլոր ատեաններուն եւ կը գրէ այս մասին: Ան կը համոզէ թրքական իշխանութիւնները, որ եկեղեցին միայն հայերուն չի պատկանիր, այլ՝ Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութիւն է եւ պէտք է պահպանուի: Իբրեւ արդիւնք, եկեղեցին չի քանդուիր, սակայն զինուորականն ու Եաշար Քեմալը կ՛ենթարկուին հալածանքներու:
Կարդալ Նաեւ՝ Եաշար Քեմալի Մահուան Առթիւ