Լոս Անճելըսի Այնթապցիներու մշակութային միութեան վարչութիւնը Այնթապի հերոսամարտի 95ամեակին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթներով կը կազմակերպէ հոգեհանգիստ, ի յիշատակ հայ նահատակներուն:
Հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 12 Ապրիլ 2015ի կէսօրուան ժամը 12ին, Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ (Պըրպենք): Հոգեհանգստեան պաշտօնին կը նախագահէ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը։
Յաւարտ Ս. պատարագի, համայն այնթապցիները եւ պատուարժան հայորդիները հրաւիրուած են ներկայ գտնուելու մեր կազմակերպած աւանդական ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ ժամը 1ին, տաճարին կից «Գալայճեան» սրահին մէջ: Սոյն ճաշկերոյթին ընթացքին պիտի կայանայ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր։ Օրուան խորհուրդին մասին պիտի բանախօսէ յատուկ այս առիթով հրաւիրուած Միշիկընի համալսարանի դասախօս, Հայաստանի Ազգային ակադեմիոյ սփիւռքահայ անդամ փրոֆ. Գէորգ Պարտագճեան:
Կը խնդրուի նկատի ունենալ այս թուականը եւ հետեւիլ հայ մամուլին մէջ լոյս տեսնելիք մեր ծանուցումներուն: Հաճեցէք ձեր մասնակցութիւնը ապահովել՝ հեռաձայնելով Աստղիկ Խանճեանին՝ (626) 355 3897, Բրլա Գոթոյեանին՝ (818) 548 8318, կամ Աւետիս Տէմիրճեանին՝ (818) 783-7368 թիւերով:
Ձեր ներկայութեամբ յարգած պիտի ըլլաք մեր նահատակներուն անմեղ յիշատակը:
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ԱՅՆԹԱՊՑԻՆԵՐՈՒ
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ