
«Էմմի» մրցանակի երրակի դափնեկիր, երաժշտահան Տենիզ Ճենթիլինի եւ երգերու հանրայայտ հեղինակ Լիզա Նեմզօ պիտի բեմադրեն «I Am Alive» խորագիրով երաժշտական նեկայացումը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին:
Երաժշտական ներկայացումը հիմնուած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած Գուրգէն եւ Մալուին Խանճեաններու՝ Ճենթիլինիի մեծ հօր եւ մեծ մօր, 75ամեայ սիրոյ պատմութեան վրայ: «Իմ մեծ հայրը՝ Գուրգէնը, 8 տարեկանին որբացած է: Անոր հայրը սպաննուած է Թուրքիոյ մէջ 1915 թուականին: Ընտանիքի միւս անդամներուն հետ անոր ուղարկած են այսպէս կոչուած «մահուան երթի». սուրիական անապատով ոտքով երթ դէպի համակեդրոնացման ճամբարներ: Սակայն թուրքերէն մէկը խղճացած է անոր: Ան փրկած է մեծ հօրս եւ տեղաւորած որբանոցի մը մէջ: Անկէ ետք մեծ հայրս այդպէս ալ չէ տեսած իր ընտանիքը: Մեծ մայրս՝ Մալուին, նոյնպէս Թուրքիոյ մէջ բնակած է: Անոր հայրը թունաւորած են, եւ քանի որ մայրը չէ կրցած պահել բոլոր քոյրերն ու եղբայրները, Մալուինը տուած է այլ ընտանիքի մը: Երբ հայերը տեղահանած են Թուրքիայէն, Գուրգէնն ու Մալուինը յայտնուած են Յունաստանի փախստականներու ճամբարին մէջ, ուր ալ ծանօթացած են:
Երբ Մալին 14 տարեկան եղած է, իսկ Գուրգէնը՝ 19, անոնք ամուսնացած են եւ միասին շուրջ 75 տարի ապրած», ըստ armeniangenocide100.org կայքին պատմած է Ճենթիլինի:
Ճենթիլինի կը յայտնէ, թէ ինք շատոնց գիտէր այդ պատմութիւնը, բայց այս տարի միայն որոշեց խօսիլ այդ մասին:
«Ապրիլին պիտի նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը, եւ ես կը փափաքէի այդ պատմութիւնը այլ կերպ ներկայացնել: Ներկայացումներ բեմադրուած են, ֆիլմեր պատրաստուած, բայց ես երբեք չեմ լսած, որ երաժշտական ձեւով բեմադրուի: Ես կը հաւատամ, որ երաժշտութիւնը համընդհանուր լեզու է, ուրեմն նոյնիսկ անոնք, որոնք այդ իրադարձութիւններուն մասին որեւէ բան չեն գիտեր, կրնան հետաքրքրուիլ անով», կ՛ըսէ երաժշտահանը: