Արդարեւ, Փետրուար 25ին, Լիպերման մասնակցած էր Իսրայէլի մէջ տեղի ունեցած «Արդարութիւն Խոջալուի» ապաքարոզչական ձեռնարկին, որ կազմակերպուած էր Իսրայէլ-Ատրպէյճան միջազգային միութեան կողմէ։ Իր խօսքին մէջ, Լիպերման ըսած է. «Մարդկութեան պատմութիւնը լեցուն է ողբերգութիւններով, որոնք պէտք չէ մոռցուին։ Սակայն, դժբախտաբար, ոչ բոլորը կը յիշեն եւ դասեր կը քաղեն անոնցմէ։ Հոս կը գտնուինք Իսրայէլի փորձառութիւնը միացնելու համար Ատրպէյճանի փորձառութեան, որպէսզի կանխարգիլենք նման ողբերգութիւններու կրկնութիւնը։
Միջոցառման ներկայ եղած է նաեւ իսրայէլացի երեսփոխան եւ Իսրայէլ-Ատրպէյճան միջազգային միութեան նախագահ Ալէք Միլըր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.