ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քիւրտ երեսփոխան Ֆայսալ Սարըեըլտըզ խիստ լեզուով անդրադարձաւ այն շշուկներուն, թէ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը կը պատրաստուի նոր կարգադրութիւններ ընելու, որպէսզի աւելի հասկնալի ու գործածական դարձնէ թրքերէն լեզուն։ Արդարեւ, կ՛առաջարկուի նուազ տուրք գանձել թրքերէնով գրուած ցուցատախտակներէն, իսկ ատոր դիմաց՝ աւելի բարձր տուրք գանձել այն ցուցատախտակներէն, որոնց վրայ թրքերէնի կողքին ուրիշ լեզուներ գործածուած են։ Եթէ ճիշդ ըլլայ այս տարաձայնութիւնը, ապա իշխող կուսակցութիւնը անուղղակի կերպով պիտի ստիպէ, որ միայն թրքերէն լեզուն գործածուի ցուցատախտակներու վրայ։ Երեսփոխան Սարըեըլտըզ, քննադատելով այս մօտեցումը՝ ըսած է, որ ասիկա ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ 1927ի՝ «Հայրենակի՛ց, թրքերէն խօսէ» կոչուած ցեղապաշտ արշաւին թարմացումը։ Սարըեըլտըզ այս մասին հարցագիր յղած է իշխանութեանց։
«Հին սերունդը շատ լաւ կը յիշէ այն տխուր օրերը, երբ հայկական դպրոցի մը մէջ իսկ, ուսուցիչ կամ աշակերտ, կը վախնային հայերէն խօսելէ։ Այդ քաղաքականութեան պատճառով, այսօր հայերէնը այսքան տկարացած է մեր համայնքէն ներս։ Հիմա հայերէն խօսիլը թերեւս այնքան վախազդու չէ, ինչպէս վախազդու չէ նաեւ քրտերէն խօսիլը։ Շատ բան փոխուած է, այո՛։ Բայց հարցը այն է, թէ որքանո՞վ փոխուեցաւ, կամ՝ խորքին մէջ իսկապէս փոխուեցա՞ւ», կը գրէ «Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.