ՄՈՍԿՈՒԱ.- «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիոյ չէին արտօնած իրականացնել «Հարաւային հոսք» կազատարի նախագիծը, իսկ այժմ անոր վերականգնումը նոյն ձեւով կարելի չէ:
«Մենք չենք հրաժարած «Հարաւային հոսք»էն, այլ մեզի պարզապէս չարտօնեցին իրականացնել զայն: Կան որոշ մանրամասնութիւններ, որոնք վաղուց յայտնի են, սակայն կ՛երեւի, թէ դարձեալ պէտք է խօսիմ անոնց մասին: Անցեալ տարուան Ապրիլին, Եւրոխորհրդարանը որդեգրեց որոշում մը, ըստ որուն՝ «Հարաւային հոսք»ը ոչ միայն անհեռանկար էր, այլ նաեւ վտանգաւոր նկատուած էր Եւրոմիութեան կողմէ: Այնուհետեւ, Եւրոյանձնաժողովը նամակ ուղարկած էր Պուլկարիոյ՝ պահանջելով դադրեցնել բոլոր նախապատրաստական աշխատանքները», յայտարարած է ան:
«Մենք համաձայնած ենք մեր թուրք գործընկերներուն հետ, իսկ Թուրքիան, եթէ յիշողութիւնս զիս չի դաւաճաներ, Գերմանիայէն ետք՝ ռուսական կազի մեծագոյն գնորդն է Եւրոպայի մէջ. անիկա հսկայ շուկայ է։ Թուրքիոյ հետ համագործակցութենէն պիտի չհրաժարինք: Ոչ միայն այն պատճառով, որ պարկեշտ չէ համաձայնիլ մեր թուրք ընկերներուն հետ եւ ապա ըսել՝ «ո՛չ, Եւրոպան մեզի ուրիշ բան կ՛առաջարկէ», այլ նաեւ այն պատճառով, որ մենք կրնանք աննախանձելի իրավիճակի մը մէջ յայտնուիլ: Այսօր Եւրոյանձնաժողովը հրաժարած է, վաղը կը համաձայնի, իսկ միւս օրը կրնայ դարձեալ հրաժարիլ ծրագիրէն», ըսած է Փութին՝ նշելով, որ այլ նախագիծերու յայտնութեան պարագային իսկ, Ռուսիա պիտի չհրաժարի Թուրքիոյ հետ համագործակցութենէն՝ «Թրքական հոսք» կազատարի կառուցման հարցին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.