ԹՐԻՓՈԼԻ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Փետրուար 20ին, շարք մը ահաբեկչական յարձակումներ տեղի ունեցան արեւելեան Լիպիոյ մէջ՝ առնուազն 45 զոհ խլելով։
Յարձակումներու պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան հետ կապեր ունեցող լիպիական կազմակերպութիւն մը՝ յայտարարելով, թէ անոնք իրագործուած են իբրեւ հակադարձութիւն վերջին քանի մը օրերուն իր դիրքերուն վրայ կատարուած լիպիական եւ եգիպտական ուժերու ռմբակոծումներուն։
Միւս կողմէ, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը, Լիպիոյ հարցով շրջանային երկիրներու միջեւ տարակարծութեանց ենթահողին վրայ՝ կը շարունակէ քննարկել Լիպիոյ կացութիւնը:
Լիպիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումները հարուածելու համար միջազգային դաշինք յառաջացնելու եգիպտական պահանջը ինքզինք գտաւ արաբական եւ արեւմտեան հակադիր կեցուածքներու դէմ յանդիման:
Միջազգային միջամտութիւնը կարիքն ունի զայն օրինականացնող կառավարութեան մը, իսկ Լիպիան մասնատուած է, ուստի՝ ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Պեռնարտինօ Լիոն լիպիական ազգային միութեան կառավարութեան կազմութիւնը նկատեց իր առաջնահերթութիւնը: Ան կոչ ուղղեց Ժընեւի մէջ ընթացք առած ազգային միութեան կառավարութեան կազմութեան եւ ամբողջական զինադադարի ճամբան հարթող ապահովական միջոցառումներուն շուրջ քաղաքական երկխօսութեան համար անմիջական ժողով մը գումարելու:
Սակայն Լիպիոյ արտաքին գործոց նախարար Մուհամատ Տայիրի պահանջեց նախ եւ առաջ լիպիական բանակի կարողութիւնները ամրապնդել, եւ վստահեցուց, որ շրջանային աջակցութիւնը՝ մասնաւորաբար եգիպտական բանակին կողմէ, լիպիական պաշտօնական խնդրանքի հիմամբ պիտի շարունակուի:
Ալճերիա, Թունուզ եւ Իտալիա զգուշացուցին լիպիական ճգնաժամին ներկայացուցած վտանգէն եւ պահանջեցին վտանգը վերահսկողութեան տակ առնելու համար՝ քայլերը համակարգել, սակայն Եգիպտոս մերժեց սպասելու գաղափարը, «որովհետեւ ահաբեկչութիւնը չի սպասեր»: Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամիհ Շուքրի յայտնեց, որ եթէ ընտրովի օրինական խորհրդարանի մը հիմամբ օրինական կառավարութիւն մը կամ ազգային միութեան կառավարութիւն մը կազմուի՝ միեւնոյնն է, այդ մարմինը ահաբեկչութեան վերջ տալու եւ զայն արմատախիլ ընելու պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ:
Յորդանան Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն ներկայացուց բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ լիպիական բանակը զինելու արգելքը վերցնելու, միաժամանակ՝ ծովային եւ ցամաքային անցքերը հսկելու, որպէսզի դէպի Լիպիա ապօրինի զէնք մուտք չգործէ:
Միւս կողմէ, Քաթար Եգիպտոսի մէջ իր դեսպանը տուն կանչեց՝ «խորհրդակցութիւններու» համար: Եգիպտոս ահաբեկչութեան զօրակցելու յանցանքով ամբաստանած էր Քաթարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.