Ուսումնասիրելէ ետք հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ թեկնածուներուն դիրքերը՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը կատարէ հետեւեալ յանձարարութիւնները.
– Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 2րդ ընտրատարածք՝ Փօլ Գրիգորեան
– Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 6րդ ընտրատարածք՝ Նուրի Մարթինեզ
– Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 12րդ ընտրատարածք՝ Միչ Ինկլենտըր
– Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի 5րդ ընտրատարածք՝ Պենեթ Քայզըր
– Լոս Անճելըսի համայնքային համալսարանի առաջին ընտրատարածք՝ Ֆրանչեսքա Վեկա
– Լոս Անճելըսի համայնքային համալսարանի 5րդ ընտրատարածք՝ Սքաթ Սվոնքին
– Լոս Անճելըսի համայնքային համալսարանի 7րդ ընտրատարածք՝ Մայք Ֆոնկ։
Նախնական ընտրութեանց ընթացքին, քուէներուն առնուազն 50 տոկոսը ապահովող թեկնածուները պիտի մասնակցին ընդհանուր ընտրութեանց, իսկ եթէ պատահի, որ ոչ մէկ թեկնածու 50 տոկոսէն աւելի քուէ ապահովէ, ապա առաւելագոյն քուէներ ապահոված երկու թեկնածուներուն միջեւ կրկնակի ընտրութիւններ պիտի կայանան Մայիս 19ին։
Ընտրութեանց արձանագրուելու կամ այլ տեղեկութեանց համար, այցելել www.hyevotes.org եւ www.ancawr.org կայքերը, կամ դիմել (818) 806-8683 ու (818) 500-1918 թիւերուն կամ info@ancawr.org հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.