Նախապէս հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներ կը ծրագրէ 400 զինուոր ուղարկել, որպէսզի անոնք սուրիացի զինեալները մարզեն ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան դէմ պայքարին համար: Իրենց տարածքին մէջ համապատասխան մարզումի ճամբարներ ստեղծելու պատրաստակամութիւն յայտնած էին Քաթար, Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա:
Միւս կողմէ, «Էյ.Փի.» կը հաղորդէ, թէ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրա յայտնած է, որ սուրիական կառավարութենէն ստացած է Հալէպ քաղաքին դէմ օդային հարուածներն ու ռմբակոծումները վեց շաբաթով առկախելու յանձնառութիւն մը՝ առիթ ընծայելու համար երկրի մեծագոյն քաղաքին մէջ բախումները «սառեցնելու» ՄԱԿի ծրագիրին փորձարկման:
Տը Միսթուրա այս յայտարարութիւնը կատարած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի դռնփակ նիստին ընթացքին իր տուած զեկուցումին մէջ: Չէ նշուած, թէ ռմբակոծման առկախումը ե՛րբ պիտի սկսի, սակայն պատուիրակը յայտնեց, որ «կարելի եղածին չափ շուտ» պիտի վերադառնայ Սուրիա, որպէսզի տեսնէ, թէ սուրիական կառավարութեան յանձնառութիւնը կարելի՞ է իրագործել, որմէ ետք միայն «սառեցման» սկիզբի թուական մը պիտի յայտարարէ: Տը Միսթուրա լրագրողներուն ըսաւ. «Անկեղծ ըլլանք, պատրանքներ չունիմ: Հիմնուելով անցեալի փորձառութեանց վրայ՝ դժուար իրականանալի ծրագիր մըն է»:
Միւս կողմէ, ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեանց նոր տուեալներով՝ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան շարքերէն կը կռուին մօտաւորապէս 20 հազար օտարահպատակներ, ներառեալ՝ 3500 արեւմուտքցիներ։ Նաեւ, ամերիկահպատակ առնուազն 150 քաղաքացի փորձած է Սուրիա մուտք գործել՝ մարտական գործողութիւններուն մասնակցելու նպատակով։ Անոնց մէկ մասը ձերբակալուած է հակամարտութեան գօտիի ճամբուն վրայ, միւսները սպաննուած են մարտերու ընթացքին, իսկ կարգ մը ամերիկացիներ մինչեւ այսօր կը կռուին իսլամ ծայրայեղականներու կողքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Sa apatsutsum e vor amerikan ,turkian,israele arabian hamagortsaktsum en Assadi dem yev kristonianeri vochnchatsman keghtot gortsum.Islamakan petutian metjkin hents srank en kangnats!