ԵՈՒՆԻՎԸՐՍԸԼ ՍԻԹԻ.- Պատմական Հայաստանի լուսանկարներուն նուիրուած Մեթիու Քարանեանի հատորի ներկայացման առթիւ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի շարժապատկերի եւ արուեստներու յանձնախումբին նախաձեռնած ճաշկերոյթը, որ տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, Փետրուար 11ին, կ.ա. ժամը 11:30ին, «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկի սրահին մէջ, ի մի բերաւ Հայ Դատի աւելի քան 200 համակիրներ եւ բարեկամներ։
Արեւմտեան Ամերիկիայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան կը յայտնէ, թէ Պատմական Հայաստանի զբօսաշրջութեան առաջին ուղեցոյցը հանդիսացող այս հատորին ներկայացումը շատ յարմար մեկնարկ մը հանդիսացած է Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած՝ Արեւմտեան Ամերիկիայի Հայ Դատի յանձնախումբի ձեռնարկներու շարքին, որովհետեւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ վնասուց հատուցումներ ապահովելու մեր պահանջատիրութիւնը։
Ձեռնարկի բացումը կատարեց Արեւմտեան Ամերիկիայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ Սիւզի Ծերունեան-Խանզադեան, նախ՝ խնդրելով պահ մը լռութեամբ յարգել նոյն օրը մահացած Ճերի Թարխանեանի յիշատակը։ Ան ապա դրուատեց Քարանեանի աշխատանքը՝ միաժամանակ կոչ ընելով ներկաներուն, որ նեցուկ կանգնին Հայ Դատի գործունէութեան։
Հատորի ներկայացումէն առաջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկիայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեանի վաւերագրական ֆիլմը՝ նուիրուած Պատմական Հայաստան կատարած իր Մայիս 2014ի այցելութեան, որուն մասնակիցներէն մէկը եղած էր Քարանեանը։
Արեւմտեան Ամերիկիայի Հայ Դատի յանձնախումբի շարժապատկերի եւ արուեստներու յանձնախումբի ատենապետ Նորա Եագուպեան ներկայացուց Մեթիու Քարանեանը՝ յանձնարարելով ներ-կաներուն, որ այս կարեւոր հատորէն մէկական օրինակ գնեն, իրենց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն նուիրելու համար։
Իր կարգին, Քարանեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն եւ ապա, սահիկներու օգնութեամբ՝ ներկայացուց հատորը ու խօսեցաւ անոր պատրաստութեան մասին, իսկ աւարտին պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն եւ մակագրեց գիրքէն օրինակներ:
Մեթիու Քարանեանի «Historic Armenia, After 100 Years: Ani, Kars, and the Six Provinces of Western Armenia» («Պատմական Հայաստանը 100 Տարի Ետք. Անի, Կարս Եւ Արեւմտեան Հայաստանի Վեց Նահանգները») գիրքը իւրատեսակ ուղեցոյց է բոլոր անոնց համար, որոնք կը փափաքին այցելել վերոնշեալ վայրերը:
Գիրքը կազմուած է քանի մը տարուան աշխատանքի եւ հետազօտութիւններու շնորհիւ ու բաղկացած 176 էջերէ, որոնց մէջ կան հեղինակի լուսանկարները, Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած ու իսլամացուած հայերու մասին նշմարներ, ինչպէս նաեւ՝ քարտէսներ:
Անոնք, որոնք կը փափաքին հատորէն օրինակ մը գնել, կրնան դիմել (818) 500-1918 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.