Նիւ Ճըրզիի Season Ճաշարանի շքեղ սրահը Փետրուար 7ին լեցուն էր հիւրերով, որոնք եկած էին մասնակցելու Ամերիկայի Հայ Աւետարաչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) եւ Հայկազեան համալսարանի շքեղ հացկերոյթին, հովանաւորութեամբ Սերժ եւ Անիթա Պուչագճեաններու:
ԱՀԱԸի Վարչական խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձուներ, շրջանաւարտներ եւ հիւրեր եկած էին մեծ սիրով մասնակից ըլլալու այս հաւաքոյթին եւ քաջալեր հանդիսանալու արտերկրի միակ հայկական համալսարանին:
Իր բարի գալուստի խօսքով, Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձութեան անդամ Սերժ Պուչագճեան իր անկեղծ զգացումները արտայայտեց 60ամեակին կապակցութեամբ Հայկազեան համալսարանին, ուրկէ ան շրջանաւարտ եղած էր տարիներ առաջ: Որքան պատահական էր, որ Հայկազեան համալսարանը եղած էր ենթահողը իր բարձրագոյն ուսման եւ ապագայ աշխատանքին՝ տիեզերանաւութեան (aerospace) ճարտարարուեստին մէջ, որմէ երկու տասնամեակ առաջ, Միջին Արեւելքի մէջ արտադրուեցաւ առաջին հրթիռը՝ գլխաւորութեամբ Մանուկ Մանուկեանի՝ համագործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանէն խմբակի մը հետ: Պրն. Պուչագճեան ընդգծեց նաեւ, թէ հայկական ինքնութեան պահպանման կողքին, Հայկազեան համալսարանը «իր ջամբած ուսումէն անդին նաեւ մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ իր աշակերտներուն կեանքին մէջ: Ան կը սորվեցնէ հանդուրժողականութիւն եւ կը սնուցանէ հասկացողութեան մշակոյթ մը գաղափարներու ազատ փոխանակման՝ տարբեր ազգերէ եւ դաւանանքներէ եկած աշակերտերուն միջեւ»: Ան հպարտօրէն կոչեց Հայկազեան համալսարանը «Համալսարաններու ադամանդ մը», մաղթելով որ ան շարունակէ բարգաւաճիլ իր 60ամեակէն անդին ալ:
Բըրեմըսի Հայ Երիցական եկեղեցիի հովիւը՝ վեր. Պերճ Կիւլէյեան մատոյց ճաշի օրհնութեան հոգեշունչ աղօթք մը:
ԱՀԱԸի նորընտիր գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեան մեծ հաճոյքով ըսաւ, թէ ուսումը միշտ եղած է Հայ
Խանճեան իր խօսքը ամբողջացուց գնահատելով այն մարդասիրական ոգին, որ նեցուկ կանգնած է ջանքերուն բոլոր այն մարդկանց, որոնք այս հաստատութեան ետին կանգնած են:
Որպէս գնահատանք, Խանճեան Սերժ եւ Անիթա Պուչագճեան ամոլին, որոնք նոյն օրը կը նշէին նաեւ իրենց ամուսնութեան տարեդարձը, նուիրեց Մայքըլ Արամի Նոյեան տապանը եւ Արարատ սրբազան լերը ներկայացնող քանդակ մը՝ որպէս խորհրդանիշ դժուարութիւններ յաղթահարելու եւ նորանոր բարձրունքներ նուաճելու:
Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց հիւրընկալ զոյգին եւ ԱՀԱԸին ու անոր Վարչական խորհուրդին՝ իրենց աջակցութեան համար: Ան նշեց, թէ «2015ը կը զուգադիպի համալսարանի 60ամեակին եւ թէ շարք մը գործունէութիւններ եւ տօնակատարութիւններ կը ծրագրուին Պէյրութի, Տուպայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Բայց ասոնց մէջէն ամենանշանակալիցը այն է, որ մեր այս հաստատութիւնը կոչուած է յայտնի դաստիարակ Արմենակ Հայկազեանի անունով, որ զոհը եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան, եւ մենք պատուելով զինք՝ մեծարած կ՛ըլլանք նաեւ անոր մեզի թողած ժառանգութիւնը»:
«Ին՞չ է մեր պատասխանը այն հարցին, թէ Հայկազեան համալսարանը տակաւին հաւատարիմ եւ յաջո՞ղ է իր առաքելութեան մէջ», հարցուց դոկտ. Հայտոսթեան: «Մեր շրջանաւարտները շատ լաւ կ՛ընեն իրենց բարձրագոյն ուսման ծրագիրներուն մէջ, աշխարհի ամէն կողմերը: Անոնք յաջող գործերու ասպարէզի մէջ են: Կրթաթոշակի գրասենեակը համալսարանի ամէնէն գործունեայ կեդրոնն է եւ ասոր վկայութիւնը Սուրիահայ աշակերտներու մեր նպաստն է: Մեր շրջանակին մէջ լուսաբանական, հետազօտական եւ հրատարակչական ջանքերը արդիւնաբեր են, եւ մենք պարբերաբար կը կազմակերպենք գիտաժողովներ եւ կրթական միջոցառումներ: Տակաւին կը պատրաստենք առաջնորդներ մեր ազգին համար եւ կամուրջներ կը կառուցենք տարբեր խմբակներու միջեւ: Կանգուն պահելու համար մեր այս ջանքերը, մենք պէտք ունինք բոլորին շարունակական եւ առատաձեռն աջակցութեան, աւելի նշանակալից ձեւով քան առաջ»:
Ճոյս Փիլիպոսեան Սթայն՝ Հայկազեան համալսարանի ջատագովը, տասնամեակներ շարունակ իր ծնողներուն՝ Ստեփան եւ Սրբուհի Փիլիպոսեաններուն հետքերուն հետեւելով, ուրախութեամբ արձագանգեց այս կոչին՝ իր շարունակական մարդասիրական ջանքերով օժանդակելու, որպէսզի Հայկազեան համալսարանը կարենայ շարունակել իր գերազանցութեան մակարդակը հաստատ պահել գալիք տարիներուն, իր ուսանողներուն համար: Անոր դուստրը՝ Թինա Սեկել, կը շարունակէ իր հաւատարմութիւնը բարձրագոյն ուսման այս հաստատութեան, որ տակաւին կը մնայ որպէս կրթութեան փարոս մը՝ հակառակ երկար տարիներու փորձութիւններուն եւ փորձանքներուն: Թինայի ուղեկցութիւնը Հայկազեան Համալսարանին հետ սկսած էր, երբ ան իր տան մէջ յաճախ լսած էր ԱՀԱԸ եւ Հայկազեան բառերը իր մօրմէն եւ հօրեղբօրմէն: Այդ իր մէջ հետաքրքրութիւն մը յառաջացուցած էր եւ այցելելով Համալսարանը իր ծնողքին ընկերակցութեամբ, սկսած էր իր բարեսիրական գործունէութիւններուն, հետեւելով իր ծնողներուն՝ Ճոզէֆի եւ Ճոյսի օրինակին:
Հայկազեան համալսարանի բարեկամներ եւ շրջանաւարտներ, ինչպէս նաեւ ԱՀԱԸի Վարչական խորհուրդի նախագահ եւ Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձութեան նախագահ՝ տոքթորներ Նազարէթ եւ Անի Տարագճեաններ, Հայկազեան համալսարանի հոգաբարձութեան անդամներ՝ Կերի Ֆիլիփս եւ իր տիկինը Արսինէ, Յասմիկ Պարան եւ ամուսինը՝ Արսէն, Հերի Նաճարեան եւ տիկինը Շերըլ, Ռապըրթ Քիւրքճեան, ԱՀԱԸը Վարչական խորհուրդի նախկին Նախագահ Էնտի Թորիկեան, ԱՀԱԸը Արեւմտեան ափի գործադիր տնօրէն՝ Լեւոն Ֆիլեան, տոքթ. Ռաֆֆի եւ Շողակ Յովհաննէսեաններ, Խորէն եւ Սեդա Նալպանտեաններ, Մորիս եւ Պերճուհի Կիւլեսէրեաններ եւ շատ շատեր ունեցան ուրախալի երեկոյ մը՝ համեղ ճաշերով եւ երգ ու պարով եւ այս բոլորը բարի նպատակի մը համար: Ի վերջոյ, ինչպէս Սերժ Պուչագճեան գեղեցիկ կերպով նկարագրեց, «տաքութիւնը կը ջերմացնէ մարմինը, բայց բարեկամութիւնը կը ջերմացնէ հոգին»:
(Թղթակցութիւնը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան կողմէ)