ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ուրբաթ, 13 Փետրուարը յատկանշական երեկոյ մը եղաւ ՀՄԸՄի արի-արենոյշներուն համար: Շր-ջանի աւելի քան 40 արի-արենոյշ աստիճանաւորներ եւ պատասխանատուներ համախմբուած էին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահը, ուր եկեղեցւոյ հովիւներէն Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանի կողմէ Տեառնընդառաջի խորհուրդի բացատրութիւնը ուն-կնդրելէ ետք՝ բարձրացան եկեղեցի եւ մասնակից դարձան Մեծ պահոց սկիզբը ազդանշող ժամերգութեան եւ Տեառնընդառաջի նախատօնակին։
ՀՄԸՄի արի-արենոյշները կեդրոնացումով հետեւեցան հոգեւոր այս նախատօնակին եւ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տպաւորիչ ու դաստիարակող քարոզին, ինչպէս նաեւ ականատես եղան փոքրիկներու տաճար ընծայման արարողութեան:
Անոնք հասկցան Տեառնընդառաջի խորհուրդը, որ՝ «մեր հոգիները լուսաւորելու, մեր Փրկիչին՝ Աստուծոյ նուիրուելու, մեր արմատներուն, մեր մշակոյթին եւ մեր արժէքներուն երթալու ճանապարհն է»:
Ժամերգութենէն ետք, անոնք մասնակցեցան աւանդական խարոյկը վառելու արարողութեան եւ խմբանկար մը ունեցան իրենց ղեկավարներուն եւ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ: Այնուհետեւ, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, անոնք հիւրընկալուեցան «Սիրոյ սեղան»ի շուրջ:
Ընթրիքին մասնակից դարձան նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան, Մարօ Քէշիշեան եւ Արտօ Ղազարեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան, անդամներ Մէրի æաղացպանեան, Կարօ Քիւրքճեան, Ալէք Փուլատեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երիտասարդ ուսանող միաբան Պօղոս աբեղայ Տինկճեան, տիկնանց միութեան անդամներ եւ հոգեւոր հայրեր:
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը կատարեց Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան, որ աւելի քան 15 տարիներէ ի վեր կազմակերպուող այս երեկոյին նպատակը բացատրելով՝ յայտնեց. «Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի մտայղացումն էր այս, որպէսզի տարին մէկ անգամ նուազագոյնը ձեզի հետ ըլլայ, թէեւ տարբեր առիթներով ձեզի հետ է, նաեւ խմբապետական կազմին հետ ըլլայ եւ այսպէս մտերմիկ պահ մը ունենայ, մենք իրարու աւելի ծանօթանանք, սրտակցօրէն խօսինք եւ լաւ ժամանակ մը անցընենք»: Ապա, ողջունելով ներկայութիւնը օրուան հիւրերուն՝ հրաւիրեց իւրաքանչիւր մասնաճիւղի ներկայացուցիչ, ներկայացնելու համար սկաուտ պատասխանատուները:
Շրջանային վարչութեան կողմէ ելոյթ ունեցաւ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի կապ Արտաշէս Ղազարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ստեղծուած առիթին համար՝ շեշտեց, թէ «ՀՄԸՄի նպատակներից մէկը, տարբեր միջոցներով, սկաուտներին ազգային եւ հայեցի դաստիարակութիւն տալն է: Այս առիթը, որ տրուել է մեզ այսօր, փոխանցում է, թէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դուռը միշտ բաց է բոլորի առաջ: Իսկ այսօր՝ իւրայատուկ է, որովհետեւ մեր սկաուտ ղեկավարները սովորում են Տեառնընդառաջի տօնի մասին, որ իբրեւ քրիստոնէական աւանդական տօն՝ կարեւոր է եւ մաս է կազմում մեր ազգային ու կրօնական դաստիարակութեան»: Ղազարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանին, որ նախքան եկեղեցի մուտքը, սկաուտներուն բացատրած էր Տեառնընդառաջի տօնին մասին:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ երկար տարիներ ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի եւ անցեալի Շրջանային վարչութեան անդամ Վահէ Յովակիմեանը, որ ՀՄԸՄականի գեղեցիկ յուշ մը պատմելէ ետք՝ «ՀՄԸՄը մեր առաջին դպրոցն է, ուր մուտք կը գործենք եւ ազգային դաստիարակութիւն կը ստանանք» ըսաւ եւ շնորհաւորեց ՀՄԸՄը, որ այդ ուղիով կ՛ընթանայ եւ սերունդներ կը դաստիարակէ:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Պօղոս աբեղայ Տինկճեանը, որ անդրադառնալով Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ հեթանոսական այս տօնը քրիստոնէական տօնի վերածուելու իրողութեան՝ ընդգծեց. «Կրակի աստուծոյն նուիրուած այս տօնը Քրիստոսի տաճար ընծայման հետ կապուեցաւ, սակայն ինչպէս այսօր կը տեսնէք, 21րդ դար հասած ու յղկուած այս սովորութիւնը, ի վերջոյ դարձած է ոչ միայն եկեղեցական տօն, այլ սկաուտներու մասնակցութեամբ ազգային երգեցողութեան տօն: Տեառնընդառաջը մեզի համար դարձած է ազգային, մշակութային եւ կրօնական տօն», ըսաւ աբեղան եւ յոյս յայտնեց, որ ներկայ սկաուտ պատասխանատուները կը տեսնեն օրուան պատգամն ու կարեւոր արժէքը եւ իրենց բազմապատկուած շարքերով նախանձը կը շարժեն ուրիշներուն եւ կ՛առաջնորդեն զանոնք դէպի Աստուծոյ տաճար:
Երեկոյի վերջին բաժինով, հայրական իր պատգամը փոխանցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց սկաուտներուն, որոնք ուշադրութեամբ կը հետեւէին կրօնական արարողութեան, ապա բացատրելով օրուան տուն տուող պատճառը՝ ուրախութեամբ փոխանցեց, թէ Ամերիկեան սկաուտութեան կողմէ ընդունելի դարձած ՀՄԸՄի կրօնական շքանշանի գրքոյկի բովանդակութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած ու այժմէականացած է:
«Սիրելիներ, այս օրը մենք ընտրեցինք ՀՄԸՄի ընտանիքին հետ ըլլալու համար՝ յատուկ նպատակով: Որովհետեւ Տեառնընդառաջը յատուկ նշանակութիւն ունի մեզի համար: Նախ եւ առաջ՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, 40 օրուայ եղած ժամանակ, օրէնքին հետեւելով՝ ծնողքին հետ եկաւ, որպէսզի ընծայուի տաճարին: Մեզի համար այդ ընծայումի իմաստը այն է, որ մեր ծնողներու ունեցած հաւատքին համաձայն առաջնորդուինք եկեղեցի», շեշտեց սրբազան հայրը եւ իբրեւ ապագայի յաջող ղեկավարներ խրախուսեց զանոնք իրենց տրուած ՀՄԸՄականի դաստիարակութիւնը ընդունին՝ «արթուն միտքով, բաց սիրտով եւ նաեւ ամբողջական հաւատքով»:
Խորհրդաւոր եւ իմաստալից «Սիրոյ սեղան»ի ընթրիքը վերջ գտաւ ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով: Ան իւրաքանչիւր մասնակիցի նուիրեց Ուիլեըմ Սարոյեանի՝ հայ ժողովուրդի ապրելու կամքը արտացոլող նշանաւոր մէջբերումը կրող գրութիւնը, զոր բոլորին համար ընթերցեց ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի սկաուտ պատասխանատուներէն Շահան Աթմաճեանը:
Մասնակից արի-արենոյշները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն՝ իրենց հետ տանելով Տեառնընդառաջի խորհուրդը:
Լուսանկարները՝ ՊԵՐՃ ՃԱՄՃԵԱՆի