ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Յունուար 29, 2015ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը՝ Փիլիպոս Ազգային վարժարանի զանազան յարկերու վրայ:
«Դաղլեան» գրադարանի, ուսողութեան եւ համակարգիչներու տարրալուծարանի բարեզարդումները նշող ցնծալի առիթ մըն էր այդ օրը: Ներկայ էին Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, տնօրէնութիւնը, նուիրատուներ, ծնողներ, խնամակալ մարմինի անդամներ, ուսուցիչներ, պաշտօնէութիւն եւ աշակերտներ, երեկոյեան ժամը 7ին նշելու համար այդ առիթը:
Առաջին հերթին, ծնողները բարձրացան 2րդ յարկ, համակարգիչներու տարրալուծարանի բացումը կատարելու համար: Վարժարանի տնօրէն դոկտ. Ալինէ Դուրեան հանգամանաւոր բացումը կատարեց՝ շնորհաւորելով բոլորը այս գեղեցիկ առիթին համար եւ միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով նուիրատուներուն, որոնք հաւատալով հայ ազգի ապագային՝ իրենց առատաձեռն նուիրատուութիւնները կը կատարեն հայ դպրոցին: Ան ըսաւ. «Ազգային ապագայի դարբնոցը հայ դպրոցն է»:
Բարի գալուստի աշակերտական խօսքը փոխանցեց վարժարանի աշակերտական խորհուրդի փոխնախագահ Իզապէլ Կարապետեանը՝ աշակերտութեան կողմէ շնորհակալութիւն յայտնելով անցեալի եւ ներկայի բոլոր նուիրատուներուն ու հաւատաւոր ծառայողներուն:
Աշակերտական խորհուրդի անդամներէն՝ 10րդ կարգի աշակերտուհի Սեւանա Մանուկեան ներկայացուց համակարգիչներու աշխատանոցի նուիրատու «Գարուն» կաթնամթերքի սեփականատէր Անդօ Պաղտասարեանի մասին մանրամասնութիւններ: Ապա քահանայ հայրը աղօթքով օրհնեց համակարգիչներու սենեակը, իսկ նուիրատուն ժապաւէնը կտրեց ու ներկաները առաջնորդեց ներս, աւելի մօտէն ծանօթանալու ճարտարարուեստի արդիական սարքաւորումներուն:
Երկրորդ հանգրուանը կատարուեցաւ 4րդ յարկին վրայ, ուր զետեղուած էր ուսողութեան աշխատասենեակը: Այս բաժինի ու նուիրատուին մասին մանրամասնութիւններու ներկայացումը կատարեց 11րդ կարգի աշակերտուհի Դալար Օհանեանը: Ան հաղորդեց, թէ «Փիլիպոս»ի ընտանիքին նոր միացած Մուրատեան ընտանիքը, իր վաղամեռիկ հարազատին՝ Յարութ Մուրատեանի յիշատակը վառ պահելու միտումով, առատաձեռնօրէն նուիրաբերեց վարժարանին, հայ երիտասարդին ապագայի քայլերը բնորոշելու բարձր գիտակցութեամբ: Նման նուիրատուութիւն մը կը համարուի ապագայի համար կատարուած ապահով ներդրում, որուն բարիքները կը հասնին ապագայի յաջողութիւններու բարձր ոլորտները:
Ապա, տէր հայրը աղօթքով օրհնեց նուիրատուները, իսկ անոնք, իրենց կարգին, առաջնորդեցին ներկաները դէպի ուսողութեան «Փոքր Աշխարհը», ուրկէ ծնունդ պիտի առնեն հսկայ միտքեր եւ ականաւոր տիպարներ:
Վերջին հանգրուանը եղաւ «Նոյեան Տապան»ը: Գիր-գրականութեան եւ ուսումնասիրութեան «ովկիանոս»ին մէջ հանգչելու եւ խաղաղելու հանգրուան մըն է անիկա՝ հայ գիրքի բուրաստան մը: 11րդ կարգի աշակերտուհի, աշակերտական խորհուրդի անդամ Արմինէ Քալփաքեան ներկայացուց նուիրատուները՝ տէր եւ տիկ. Յակոբ եւ Հայկուհի Դաղլեանները: Քահանահօր օրհնութեամբ, մուտքի ժապաւէնը կտրեցին մեծայարգ բարերարները եւ անցան «Դաղլեան» գրադարան: Յակոբ եւ Հայկուհի Դաղլեանները տարիներ առաջ առատաձեռնօրէն նուիրած էին՝ հովանաւորելու համար գրադարանի շինարարութիւնը, իսկ այժմ իրենց քսակը բացին՝ սիրայօժար կերպով անոր վերանորոգման ծախսերը հոգալու համար:
Բացումին յաջորդեցին գիտական փորձարկումներ, որոնք մեծ խանդավառութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ ընկալուեցան աշակերտներուն կողմէ: Անոնք հետեւեցան բնագիտութեան եւ աստղագիտութեան դասատու Սմբատ Աւետեանի կատարած աշխատանքներուն եւ կամաւոր կերպով մասնակցեցան գիտական այդ փորձերուն: Շուրջ մէկ ժամ, մեծ ու փոքր բոլոր ներկաները գործնական մասնակցութեամբ հետեւեցան աշխատանքներուն:
Աւարտին, հիւրասիրութեամբ մը հաճելի, ընկերային ու մտերմիկ ժամանց ունեցան ծնողները, աշակերտներն ու հիւրերը:
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)