Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ՀՕՄ) եւ ՀՕՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ծրագրած են նշել Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի շրջանէն ներս, Մարտ 5-7, 2015 թուականին: Հինգշաբթի, Մարտ 5ին, երեկոյեան ժամը 6-8, ՀՕՄը եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութիւնը, միասնաբար պիտի ունենան հիւրասիրութիւն մը ՄԱԿէն ներս, «Ասեղնագործել՝ վերապրելու համար. Հայ կիներու ձեռարուեստը» խորագիրով ցուցադրութեան պաշտօնական բացումին առիթով: Ցուցադրութեան մուտքը ազատ պիտի ըլլայ հանրութեան՝ Մարտ 2-13: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայ ըլլալ պաշտօնական բացումին, պարտին ՄԱԿի շէնք մուտքի անցագիր մը ապահովել՝ դիմելով ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակ, հետեւեալ հասցէով՝ ceb@ars1910.org, կամ ՀՕՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային գրասենեակ՝ arseastus@gmail.com հասցէով, ամենաուշը մինչեւ Մարտ 3, 2015:
Ուրբաթ, Մարտ 6ին, առաւօտեան ժամը 10էն երեկոյեան ժամը 4, տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄի ծրագրած «Վերականգնել ազգութիւն մը. Հայ կիներու մէկ դարու դիմադրութիւնն ու հզօրացումը» խորագիրով միօրեայ գիտաժողովը՝ Salvation Army-ի սրահին մէջ, մասնակցութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, Եւրոմիութիւն-Հայաստան բարեկամութեան խմբաւորման՝ ատենապետ դոկտ. Էլենի Թէոխարուսի, Ֆրեզնոյէն՝ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Հայոց եւ գաղթի պատմութեանց աւագ դասախօս փրոֆ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլի, «Ռատգըրզ» համալսարանի Ցեղասպանութեան եւ մարդկային իրաւանց ուսումնասիրութեան կեդրոնի Հայոց Ցեղասպանութեան յայտագիրի համադրիչ Խաչիկ Մուրատեանի եւ Armenoid Productions-ի վարիչ տնօրէն Պարէտ Մարոնեանի: Մուտքը ազատ է, ներառեալ՝ ճաշի սպասարկումը: Մասնակցիլ փափաքողները պարտին արձանագրուիլ ե-նամակով, ուղղեալ ՀՕՄի Կեդր. գրասենեակին՝ ceb@ars1910.org, կամ ՀՕՄի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային գրասենեակին՝ arseastus@gmail.com: Salvation Army Auditorium-ի հասցէն հետեւեալն է. 221 East 52nd Street, New York City:
Վերջին ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 7 Մարտ, 2015ի երեկոյեան 7էն 10, Նիւ Ճըրզիի «Waterside» ճաշարանին մէջ (7800 River Road, North Bergen), բարձր հովանաւորութեամբ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Օշական արքեպիսկոպոս Չoլոյեանի եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդր. վարչութեան: Այս մշակութային երեկոյի ընթացքին ելոյթներ պիտի ունենան մրցանակաւոր երգիչ եւ երգահան Յուշերը, հանրածանօթ արուեստագէտ Գէորգ Մուրատ, ընկերակցութեամբ թաւջութակահար Էտի Պօղոսեանի, եւ ասմունք՝ Զուարթ Պալըքճեանի կողմէ: Մուտքի տոմսերու համար (սակը՝ 100 ԱՄՆ տոլար) դիմել՝
www.brownpapertickets.com/event/1238955 կայքէջին:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, ներառեալ՝ պանդոկի սենեակի եւ այլ ձեռնարկներու ապահովման, կարելի է կապուիլ ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակ՝ ceb@ars1910.org։ Հեռ. 1-617-926-5892:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.