Չորեքշաբթի, 4 Փետրուարի երեկոյեան, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Ապու Տապիի ազգայիններէն Գրիգոր Մահսէրէճեանը: Պարգեւատրումի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ Լիբանանի դեսպանը, շրջանին մէջ վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին ծառայած միաբան հայրեր, Ապու Տապիէն եւ Տուպայէն ժամանած ազգայիններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն պարգեւատրեալին բարեկամներն ու դասընկերները:
Յաջորդաբար խօսք առին ազգային բարերար եւ Միացեալ Էմիրութեանց երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Հրայր Սողոմոնեան եւ Էմիրութեանց մէջ Լիբանանի դեսպանը: Ապա խօսք առնելով վեհափառ հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Գրիգոր Մահսէրէճեանին, որ նուիրումով կը շարունակէ ծառայել Ապու Տապիի գաղութին եւ իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերած է Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շինութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կարգ մը ծրագիրներուն: Հայրապետական սրբատառ կոնդակը կարդաց Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան, որմէ ետք վեհափառ հայրապետը «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Գրիգոր Մահսէրէճեանը:
Հանդիսութեան աւարտին խօսք առնելով՝ պարգեւատրեալը իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց վեհափառ հայրապետին՝ յիշելով, թէ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու նուիրումը իր մէջ կազմաւորած էին իր ծնողքը եւ իր ուսուցիչները: Ան միաժամանակ վերահաստատեց, որ նոյն յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ ծառայել ազգին ու եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Ապու Տապիի գաղութին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.