Այս հաւաքներէն առաջինը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 1ին, կ.ե. ժամը 1ին, Հիւսթընի Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ «Չոլաքեան» սրահին մէջ (3211 Synott Road), իսկ երկրորդը՝ Շաբաթ, Մարտ 14ին, երեկոյեան ժամը 5։30ին, Ֆինիքսի Հայ կեդրոնին մէջ (13043 N. Cave Creek Road)։
Նշեալ գաղութներու կազմակերպական կեանքը աշխուժացնելու միտող այս հաւաքներուն կողքին, կարգ մը աշխատանիստեր ու քննարկումներ եւս պիտի իրականացուին, նշեալ նահանգներէն ներս հայամէտ բանաձեւերու վաւերացման աշխատանքները առաջնորդելու եւ համայնքներու քաղաքական գործունէութիւնը ճիշդ հունի մէջ դնելու նպատակով։
Այս ծրագիրներու կազմակերպման աշխատանքները ստանձնած է վերջերս Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համայնքային զարգացման ծրագիրները համակարգող նշանակուած Սիմոն Մաղաքեանը, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեանի հետ Հիւսթըն եւ Ֆինիքս պիտի այցելէ՝ նշեալ հաւաքները առաջնորդելու համար։
Անցեալ տարի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նման հաւաքներ իրականացուցած էր Պոյզիի, Հիւսթընի, Սիէթըլի, Ֆինիքսի, Լաս Վեկասի, Ֆրեզնոյի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել info@ancawr.org հասցէին կամ (818) 500-1918 թիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.