ՄԻՇԸԼ ՀԻԼԶ.- Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի առիթով, «Արարատ տուն»ը ոգեկոչման ձեռնարկի մը կողքին՝ «Կեանքի տօնակատարութիւն» խորագիրով միջոցառման մը նախաձեռնած է, ի պատիւ Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն եւ տարեցներու այս պատսպարանի հարիւր տարիքը բոլորած բնակիչներուն, որոնցմէ երկուքը Ցեղասպանութենէն վերապրողներ են՝ Ռոզ Կարճեանը եւ Եւնիկէ Սալիպեանը։ Անոնք յաջորդաբար 2012ին ու 2014ին մեծարուած էին Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօա» հիմնարկին կողմէ։
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Մարտ 12ին, կ.ա. ժամը 10։30ին, Միշըն Հիլզի «Արարատ տուն»ի մատրան մէջ, մասնակցութեամբ Հայց. առաքելական, Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն, որոնց հոգեւորականներուն մասնակցութեամբ հոգեհանգսեան յատուկ պաշտօն պիտի կատարուի։ Գեղարուեստական յայտագիրին պիտի մասնակցին Սալբի ու Սօսի Քերքոնեաններ, եւ տեղի պիտի ունենայ նաեւ յուշարձանի բացում ու ծառատնկում։
«Կեանքի տօնակատարութիւն»ը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15ին, կ.ե. ժամը 3ին, «Արարատ տուն»ի «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ, մասնակցութեամբ շրջանի հայկական վարժարաններու աշակերտներուն։ Հանդիսավարը պիտի ըլլայ Հայկական շարժապատկերի հիմնարկի ատենապետ Ժիրայր Փափազեան, իսկ գլխաւոր բանախօսութիւնը պիտի մատուցէ «Շօա» հիմնարկի Տեսողական պատմութեան եւ ուսուցման բաժանմունքի վարիչ դոկտ. Սթեֆըն Սմիթ։ Պիտի ցուցադրուի մրցանակակիր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի պատրաստած ֆիլմի մը մէկ հատուածը, իսկ ելոյթներ պիտի ունենան դոկտ. Վաչէ Մանկրեան եւ Ռաֆֆի Քերպապեան։ Նաեւ, պիտի ցուցադրուի Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի լուսանկարներէն մաս մը, իսկ ձեռնարկը պիտի աւարտի Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբին կողմէ «Կեանքի տօնակատարութիւն» պարի ներկայացումով։
Ձեռնարկներու մուտքը ազատ է. յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 365-3000 թիւին կամ info@ararathome.org հասցէին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.