ՎԵԼԻ ՎԻԼԵՃ, Քալիֆորնիա.- Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեան մասնակցող Ռոստոմ Սարգիսեանի ընտրապայքարին ի նպաստ դրամահաւաքի ձեռնարկ մը կազմակերպուած է՝ նախագահ Էպրըհեմ Լինքընի տարեդարձին առիթով, «Ռետ Մուն» ճաշարանին մէջ (12516 Riverside Drive, Valley Village, CA)։
Ընտրապայքարին կարելի է նեցուկ կանգնիլ տարբեր մակարդակի նուիրատուութիւններով, 50 տոլարէն մինչեւ 700 տոլար։
Հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Փետրուար 12ին, երեկոյեան ժամը 6էն 9։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել
www.friendsofrostom.com կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.