ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար, զօր. Զաքիր Հասանով եւ Թուրքիոյ ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան քարտէսագրութեան հարցերով հրամանատար, զօր. Պուրհանետտին Աքթըն քննարկած են Արցախի հակամարտութիւնը՝ շեշտելով անոր կարգաւորման կարեւորութիւնը:
Ըստ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ երկու երկիրներու զինուած ուժերու զարգացման ուղղուած միջոցառումները: Կողմերը ընդգծած են երկկողմանի ռազմական համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ կարծիքներ փոխանակած՝ շարք մը այլ հարցերու շուրջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.