(Հեղինակ՝ Մարալ Պոյաճեան)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարուան սեմին՝ 2014ի վերջերուն, հայ երիտասարդուհի մը՝ Մարալ Պոյաճեան-Յարութիւնեան լոյս ընծայեց ուշագրաւ վէպ մը՝ «As the Poppies Bloomed». գլխաւոր խորագիրին վերեւ դրուած է նաեւ «բացատրական» խորագիր մը, որ կ՛ըսէ, թէ «սիրոյ վէպ մըն է սարսափի օրերէն»։
Անգլերէնով լոյս տեսած վէպը կը տարածուի 282 էջերու վրայ, ունի 49 գլուխ եւ մէկ վերջաբան, որ մաս կը կազմէ վէպին։ Հատորը նուիրուած է հեղինակին հօր՝ Գրիգոր Յարութիւնեանի թոռներուն, սակայն նաեւ կարելի է զայն հասցէագրուած նկատել բոլոր հայ երիտասարդներուն (ոչ միայն հայերու), որոնք կը հանդիսանան Ցեղասպանութեան զոհ գացած սերունդի ժառանգորդները, անոնց՝ որոնք կոչուած են իմանալու հայութեան հասած ահաւոր պատուհասին մանրամասնութիւնները, թափանցելու անոր ծալքերուն եւ յայտարարելու, թէ տէրն են նահատակներու կտակին։ Հեղինակը շնորհակալութեան էջ մըն ալ ունի հատորին խմբագրումին ու լոյս ընծայման օժանդակողներուն։
Այս տողերը չեն արձանագրուիր հատորին ընթերցումը խնայելու մօտեցումով, այլ հակիրճ կերպով արձագանգելու անոր բովանդակութեան, ոգիին եւ ողջունելու նման հրատարակութիւններ, որոնք 100ամեակին առիթով նպաստ կը բերեն հայուն թէ օտարին յիշողութեան մէջ վերականգնելու դաժան օրերու յիշատակները, վերակենդանացնելու դար մը ու աւելի առաջ հայութեան ապրած կեանքի լաւ ու տխուր օրերը, որոնք օր մը ընդհատուեցան, աղճատումի ենթարկուեցան ու մնացին աղեկէզ յիշատակ, երանաբաղձութեան ալիքներ ստեղծելով յաջորդող տասնամեակներուն։
Մարալ Պոյաճեան իր վէպին համար միջավայր ընտրած է Սասունն ու մասնաւորաբար անոր Սալոր գիւղը, մերթ տարածուելով մինչեւ Վան ու մօտակայ գիւղեր։ Ժամանակը՝ Ցեղասպանութեան նախօրեակն է, 1913էն սկսեալ, հասնելու նոյնինքն հայութեան նահատակութեան՝ 1915, մերթ վերադարձ կատարելով մինչեւ 1890ական տարիներու ջարդերու շրջանը։ Հեղինակը կ՛ըսէ, որ պատմութիւնը երեւակայական է, հերոսները՝ նմանապէս, սակայն դէպքերն ու տիպարները իրական են, այնքան՝ որքան իրական էին Սասունի հերոսական ժողովուրդը, անոր ինքնապաշտպանութեան մարտերը, նահատակութիւնն ու փոքրաթիւ վերապրողներուն հետագայ ոդիսականը։
Ինքնատիպ ոճով ու զարգացումով կ՛ընթանայ վէպը։ Կը բացուի հարսանեկան օրերու նկարագրականով ու անոր կողքին՝ քողարկուած սիրոյ դրուագով մը, որ տակաւ պիտի զարգանայ ու ապրեցնէ հայկական գիւղը՝ իր աւանդութիւններով, նիստ ու կացով, ընտանեկան մթնոլորտով, հայկական աւանդութիւններով ու տոհմիկ սովորութիւններով։ Մ. Պոյաճեան երախտաշատ ուսումնասիրութիւններ կատարած է յիշեալ ժամանակաշրջանի հայութեան առօրեային մասին, վէպի էջերուն վերակենդանացնելով ծնողք-զաւակ, հարազատներու, միջ-գիւղացիական յարաբերութեանց նկարագիրը, ընդհանրապէս վեր առնելով դրական ու հմայիչ իրականութիւններ։ Գլխաւոր հերոսները բազմաթիւ են, թէեւ վէպը առաւելաբար կը թաւալի Անիի ու Տարօնի միջեւ գաղտնի սիրոյ պատմութեան շուրջ, սէր մը՝ որ սկզբնապէս արգիլեալ է ֆէտայական կեանքին կապուած գաղտնապահութեան մը պատճառով, սակայն ի վերջոյ գաղտնիքը պիտի բացուի եւ պիտի հասցնէ լաւ աւարտի մը։ Միւս հերոսներն են Անիին ու Տարօնին քոյր-եղբայրները, ծնողները, ընտանեկան հարազատները, մէկ խօսքով՝ հայկական փոքր գիւղի մը բնակիչները, որոնք հարազատ են իրարու եւ կ՛ապրին հայկականութեամբ ողողուած միջավայրի մը մէջ, առանց անտեսելու գիւղացիին նախապաշարումները, հաւատալիքներն ու… Մարութա սարին կապուածութիւնը։
Իրերայաջորդ գլուխները իրարու զօդուած, ուղղակի զիրար շարունակող դրուագներ չեն անպայման, այլ զանոնք կարելի է դիտել ժապաւէնի մը դիպաշարին հետեւողականութեան ակնոցով, դրուագ մը յաջորդէն կրնայ բաժնուիլ փոքր ժամանակով կամ աշխարհագրական տարածութեամբ, սակայն բոլորը կը կազմեն զիրար լրացնող ամբողջութիւն մը։ Ընթերցողը կ՛ապրի Վարդանեան ընտանիքի երկու դուստրերուն ամուսնութեան մթնոլորտը, գիւղական կեանքի բոլոր մանրամասնութիւններով ու արկածախնդրական երեսներով։ Կեդրոնական այս զարգացման բնականաբար կ՛ընկերանան ինքնապաշտպանական դէպքեր, լեռները քաշուած ֆէտայիներու պայմանները, որոնք հանգրուանաբար կը խլեն կեանքեր ու կը յանգին Սպանդին։
Վերջաբանով, հեղինակը հսկայ ոստում մը կը կատարէ դէպի 1970ական տարիները, երբ հերոսական միջավայրէն միակ վերապրող հերոսը՝ Լոս Անճելըս հասած Տարօնը, հայրենի գիւղին մէջ կինը, նորածին զաւակն ու բոլոր հարազատները կորսնցնելէ ու Սփիւռքի դառնութիւնները ճաշակելէ ետք, թանկարժէք ժառանգ մը պիտի թողու վերամուսնութենէն ծնած թոռնուհիին, անոր պսակադրութեան օրն իսկ…
Ինչպէս նշեցինք, հեղինակը ի սկզբանէ կ՛ըսէ, թէ վէպը երեւակայական է, հերոսները նմանակներն են Ցեղասպանութեան նախընթաց օրերու իրական մարդոց, որոնք իր մեծ հօր սերնդակիցներն են։ Ի դէպ, Սասունին ֆիզիքապէս ծանօթանալու եւ անով հաղորդուելու համար, ան քանի մը տարի առաջ այցելած է պատմական Հայաստանի Սասնոյ բարձունքները։
Հատորին գլուխներուն լայնքին ու երկայնքին ճամբորդելէ ետք, ընթերցողը ի վերջոյ կ՛անդրադառնայ, թէ Մարալ Պոյաճեան ճիշդ ի՛նչ ըսել ուզած է «երեւակայական վէպ» բառերով։ Իսկապէս ալ, ապրող տիպարներու նմանողութեամբ կերտուած հերոսները եւ անոնց ապրած միջավայրը, իրականութիւններու արտացոլացումը ըլլալով հանդերձ, ստեղծուած են երեւակայութեան միջավայրին մէջ։ Հայուն համեմատաբար բարօր կեանքի պայմանները, քիւրտին ու թուրքին սարսափին ենթակայ անոր վիճակը, կողոպուտները, մահացու յարձակումները եւ ի վերջոյ՝ նոյնինքն ցեղասպանական արարքներու նկարագրութիւնն ու Վանի ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտին հպանցիկ «այցելութիւն» մը՝ զետեղուած են իրականին կողքին գոյառած մթնոլորտի ու միջավայրի մէջ։ Հեղինակը չէ նախընտրած մտնել հերոսական դէպքերու եւ անոնց կերտիչներուն ամբողջական աշխարհին մէջ, այլ նախանձախնդիր եղած է լուսարձակի տակ բերելու բարի, աշխատասէր ու հերոսական հայուն հանդէպ թուրքին ու անոր քիւրտ գործակալներուն դաժանութիւնը։ Եթէ Անիի ու Տարօնի սիրոյ պատմութիւնը գլխաւորն է, անոր կողքին կան նաեւ սիրոյ աւելի մանր պատմութիւններ, որոնք կը լուսաւորեն «սարսափի օրեր»ու մթագնած երկնակամարը։ Սասունի կամ Վանի պատմական հայդուկապետերը չկան վէպին էջերուն, որոնք վէպը կրնային մօտեցնել պատմական-վաւերագրական ժանրին, սակայն երեւակայական հերոսները կու գան փոխարինելու զանոնք, ստանձնելու անոնց դերակատարութիւնը։ Ու եթէ պահ մը մտածենք, որ վէպը հասցէագրուած է նաե՛ւ ոչ-հայ ընթերցողներու եւ անոր գլխաւոր միտումն է Ցեղասպանութեան իրականութիւնները պատկերել, կրնանք վստահօրէն ըսել, որ հեղինակը յաջողած է իր նպատակին մէջ, հարազատօրէն արտացոլացնելով թուրքին ոճրային ուղեղին ծալքերը։
Ըսինք, որ այս տողերուն նպատակը վէպին մանրամասնութեանց ամփոփ վերարտադրութիւնը չէ, այլ գողտրիկ ճաշակ մը փոխանցել անոր մասին։ Ուրեմն, պէտք է կարդալ զայն։
1 Փետրուար 2015