Շնորհահանդէսին ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով պետական ու կառավարական դիւանագէտներ, պատասխանատուներ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, աշիրաթապետներ, հոգեւոր առաջնորդներ, մտաւորականներ, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ ու դամասկահայ ազգայիններ:
Շնորահահանդէսին ընթացքին արտասանուեցան խօսքեր՝ ձեռնարկի կազմակերպիչ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման Սուրիոյ մարմինին կողմէ:
Դեսպան Փոլատեանի «Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Ականատեսներ» գիրքը ներկայացուց դոկտ. Նորա Արիսեան: Դոկտ. Արիսեան դրուատելով դոկտ. Փոլատեանի գիրքը, կարեւոր նկատեց սոյն իրագործումը՝ արաբ ընթերցողին ծանօթացնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Դոկտ. Փոլատեան եւ Սուրիոյ մշակոյթի փոխնախարարը նոյնպէս խօսք առին:
Հուսկ, շնորհահանդէսը փակեց Դամասկոսի Արմաշ եպս. Նալպանտեան:
Ձեռնարկի աւարտին դեսպանը մակագրեց գիրքէն օրինակներ ու նուիրեց ներկաներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.