Հայ Դատին ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու նպատակով կազմակերպուող տարեկան այս նախաձեռնութիւնը պիտի կայանայ Ապրիլ 20ին:
Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կողքին, տեղի պիտի ունենայ նաեւ Ցեղասպանութեան նուիրուած ցուցահանդէս մը, նահանգային խորհրդարանի շէնքին մէջ, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ՝ նահանգային խորհրդարանի եւ Ծերակոյտի անդամներուն հետ։
2002էն ի վեր, նահանգի զանազան շրջաններէն հայեր կը հաւաքուին Սաքրամենթօ, Հայ Դատի յանձնախումբին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի ու Ծերակոյտի անդամներուն հետ ոգեկոչելու համար Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը եւ խորհրդակցելու հայութիւնը յուզող շարք մը հարցերու շուրջ:
Արձանագրուելու համար, այցելել www.ANCAWR.org/AdvocacyDay կայքէջը: Մասնակցութեան սակը 60 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 40, նեռարեալ փոխադրութիւն եւ կեցութիւն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.ancawr.org կայքը, կամ դիմել
CAstate@ancawr.org հասցէին եւ (818) 500-1918 թիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.