«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆԱՈՒԹԵԱՆ ԹՈՒԱՅՆԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ՀԱՄԱՀԵՂԻՆԱԿ ՄԵՐՈՒԺԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԻ ՀԵՏ
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Դուք թուայնացուցած էք հայկական դասական գրականութիւնը: Կը խնդրէինք այդ առնչութեամբ որոշ մանրամասնութիւններ փոխանցել:
ՄԵՐՈՒԺԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Մենք թուայնացուցած ենք 5-18 դարերու հայ դասական գրականութիւնը, այսինքն մատենագիր Կորիւնէն մինչեւ աշուղ Սայաթ Նովա: Այս նիւթերը 1999 թուականէն արդէն ազատ օգտագործման համար զետեղած ենք համացանցի վրայ: Ընդհանուր առմամբ, շուրջ 3000 միաւոր գրականութիւն, որ պատկեր չէ, այլ թուայնացուած, որ բաժնուած է գլուխներու, ըստ հեղինակներու անուններուն եւ գործերուն:
2007-2008 տարիներուն արեւմտահայ գրականութեան 68 հեղինակներու ամէնէն նշանաւոր գործերը համադրեցինք եւ թուայնացուցինք: Իսկ այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով ի մօտոյ i-book-ի ձեւով հայ գրողներու գեղարուեստական գործերը ազատ ձեւով պիտի ներկայացնենք ընթերցողներուն:
Մենք թուայնացուցած ենք նաեւ հայագիտական ուսումնասիրութիւններն ու հետազօտութիւնները՝ 18րդ դարու վերջերէն սկսեալ՝ Ինճիճեան, Ալիշան եւ այլն, մինչեւ մեր օրերը:
Այս աշխատանքը առաջին անգամ հիմնեցինք Երեւանի ամերիկեան համալսարանին մէջ «Տիժիլիպ» (DIGILIB) անունով, եւ ինչպէս գիտէք այն ատեն (1999 թուականին) համացանցին վրայ նոյնիսկ հայերէն լեզուն գոյութիւն չունէր: Հետեւաբար մեր աշխատանքը նորութիւն մըն էր: Այսօր կը շարունակենք այդ գործը եւ կը փորձենք օրը օրին մեր կայքէջը ամբողջացնել նոր տեղեկութիւններով:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ո՞վ կը հոգայ ձեր նիւթական ծախսերը:
ՄԵՐՈՒԺԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Նախ ըսեմ, թէ դժբախտաբար պետութեան կողմէ որեւէ օժանդակութիւն չենք ստանար: Մեզի կ՛օգնեն անհատ բարերարներ, մեծ մասամբ Ամերիկայէն: Յիշենք Պոսթընէն Ալիս Յովհաննէսեանի (այժմ հանգուցեալ) անունը, որ գանձատրեց դասական գրականութեան բաժինը, իսկ Սփիւռքի գրականութեան ծախսերը հոգաց «Թրփանճեան» հիմնադրամը:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Քանի՞ հոգի կը զբաղի այս աշխատանքով:
ՄԵՐՈՒԺԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Անցեալին նոյնիսկ ունեցած ենք 35 աշխատակիցներ, սակայն այսօր քիչ մը դժուար են պայմանները, եւ մեր անձնակազմին թիւն ալ պակսած է:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Դուք պատմաբան էք եւ այս ծրագիրին գիտական տնօրէնը: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք 2014ի աշխատանքը:
ՄԵՐՈՒԺԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Օրական շուրջ 2000 հոգի կը բանայ մեր կայքէջը եւ գրեթէ նոյնքան մարդ ալ կ՛օգտուի հոն տեղ գտած նիւթերէն: Այդ մարդիկը ցրուած են աշխարհով մէկ: Վիճակագրական տուեալներով ամէնէն շատ օգտուողները Հայաստանէն են, երկրորդ տեղը կը գրաւեն ամերիկացիները, իսկ երրորդը՝ Ռուսիոյ բնակիչները:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Ֆրանսայէն օգտուողներուն թիւը ի՞նչ է:
ՄԵՐՈՒԺԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Ֆրանսացիներուն թիւը շուրջ 70 է: Ըսեմ նաեւ, թէ մեր «Դիմատետր»ի էջերուն վրայ 40 երկիրներէ 11 հազար անձեր ամէն օր տեղեկութիւններ կը զետեղեն:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ».- Նման էջեր ունին նաեւ այլ ընկերակցութիւններ: Կը գործակցի՞ք անոնց հետ:
ՄԵՐՈՒԺԱՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ.- Մարսէյի մէջ «Web-Արամ»ը կը գործէ, կամ Փարիզի «Ազգային Գրադարան»ն ալ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի: Սակայն ի տարբերութիւն մեզի, անոնք նիւթերուն պատկերները կը զետեղէն իրենց կայքին վրայ: Անշուշտ մեզի պէս թուայնացուած ձեւով աշխատողներ ալ կան, բայց ծաւալը նոյնը չէ: Մենք արմատական թուայնացում կը կատարենք, եւ մեր գործունէութեան դաշտը անծայրածիր է: Հոս կ՛ուզեմ օրինակ մը բերել. հայ ժողովուրդը ունի աւելի քան 30 հազար ձեռագիրներ, որոնք յունահռոմէական դասական գրականութեան մէկ տասներորդը կը նկատուին: Հետեւաբար կրնաք երեւակայել թէ տակաւին որքա՜ն աշխատանք կը սպասէ մեզի: