ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ռուսիան ու Հայաստանը մէկ տարիով երկարաձգած են ռուսական կազի, վառելանիւթի եւ չմշակուած բնական ադամանդի առանց հարկերու մատակարարելու դրութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ ուժանիւթի նախարարութիւնը:
2 Դեկտեմբեր 2013ին կնքուած համաձայնութեան համապատասխան արձանագրութիւնը ստորագրուած է ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանի եւ Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաքի կողմէ: Նախարարները նաեւ քննարկած են ուժանիւթի եւ ելեկտրականութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան եւ 2015ի վառելանիւթի պաշարներու հաշուեկշիռներու նախագիծերուն առնչուող մանրամասնութիւններ:
Ռուսիան Հայաստանին կը մատակարարէ մօտ 100 հազար թոն նաւթամթերք եւ 2 միլիոն խորանարդ մեթր կազ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.