
ԵՈՒՆԻՎԸՐՍԸԼ ՍԻԹԻ.- Արեւմտեան Ամերիկիայի Հայ Դատի յանձնախումբի Շարժապատկերի եւ արուեստներու յանձնախումբը նախաձեռնած է Պատմական Հայաստանի լուսանկարներուն նուիրուած Մեթիու Քարանեանի հատորի ներկայացման առթիւ ճաշկերոյթի մը, որ տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Փետրուար 11ին, կ.ա. ժամը 11։30ին, «Շերըթըն Եունիվըրսըլ» պանդոկի սրահին մէջ։
Մեթիու Քարանեանի «Historic Armenia, After 100 Years։ Ani, Kars, and the Six Provinces of Western Armenia » («Պատմական Հայաստանը 100 տարի ետք. Անի, Կարս եւ Արեւմտեան Հայաստանի վեց նահանգները») խորագիրով հատորը Փետրուար 15ին պիտի հրապարակուի, սակայն անկէ օրինակներ կարելի պիտի ըլլայ գնել սոյն ձեռնարկին ընթացքին։
Մեթիու Քարանեան, որ նաեւ հեղինակն է Հայաստանի եւ Արցախի զբօսաշրջային ուղեցոյցին՝ «Armenia and Karabakh: The Stone Garden Travel Guide», պիտի խօսի նոր հատորի պատրաստութեան մասին եւ պիտի մակագրէ գիրքերէն օրինակներ։
Անգլերէն այս գիրքը իւրատեսակ ուղեցոյց է բոլոր անոնց, որոնք կը փափաքին այցելել վերոնշեալ վայրերը:
Գիրքը կազմուած է քանի մը տարուան աշխատանքի եւ հետազօտութիւններու շնորհիւ ու բաղկացած է 176 էջերէ, որոնց մէջ կան հեղինակի լուսանկարները, Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած ու իսլամացուած հայերու մասին նշմարներ, ինչպէս նաեւ՝ քարտէսներ:
Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ սոյն ձեռնարկին, տոմսեր կրնան ապահովել՝ այցելելով ancawr.org/booksigningtickets կայքը կամ դիմելով (818) 500-1918 թիւին։
Հատորին արժէքը 39.95 տոլար է, սակայն մինչեւ Փետրուար 15 ապսպրողներուն համար՝ 35 տոլար (առաքումը նեռարեալ, Միացեալ Նահանգներու տարածքին)։ Գիրքը կարելի է ապսպրել նաեւ նամակատան միջոցաւ՝ գումարը յղելով PO Box 7758, Northridge, California 91327 հասցէին, կամ դիմելով Bedros@StoneGardenProductions.com հասցէին։