ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
– Մէկ անգամ խմելով դժուար է սիրել…
– Մենք վարժուել ենք:
– Իւրայատուկ համ մը ունի, բաւական սուր:
– Վայրի խոտ ա:
– Հապա լուսաւոր, զմրուխտ-կանանչ գո՞յնը…
– Արհեստական ա:
Հայաստան ճամբորդած աշակերտներ կ՛ուզեն խմել եւ ուտել, այն, ինչ նորութիւն պիտի ըլլայ իրենց համար: Եւ այդպէս կ՛ընեն խումբ մը տղաներ, երբ նստած ենք «լահմաջօ»ի ճաշարանի մը մէջ: Մեր խումբի երեւանցի լուսանկարիչին՝ Կարէնին յանձնարարութեամբ անոնք կը խմեն… թարխուն, այն կազաւորուած զովացուցիչ օշարակը, որ տարածուած եւ սիրուած է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ շրջանի այլ երկիրներուն մէջ: Լուսանկարիչը կը շարունակէ խօսիլ թարխունի բարեմասնութիւններուն մասին.
– Հայաստանում ամէնուր մշակում են, տնամերձ տարածութիւններում, ջերմոցներում… Թարմ վիճակում, օգտագործում ենք որպէս կանաչի:
– Կարէն, ֆրանսացիները ունին bearnaise կոչուած «սօս»ը, որուն բուն բաղադրիչն է թարխունը: Իսկ Սլովենիոյ մէջ Կաղանդին կը թխեն թարխունով համեմուած աւանդական հաց՝ potica: Թարխունը լեռնային գօտիներու մէջ աճող, աստղածաղիկներու ընտանիքէն բազմամեայ խոտաբոյս է, լատիներէն՝ Artemisia dracunculus: Ֆրանսայի, Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կովկասի մէջ կը մշակուի իր բուրումնաւէտ տերեւներուն համար: Թէեւ, որպէս կազաւորուած խմիչք «թարխուն»ը վրացական ծագում ունի՝ 1887 թուականին հնարուած է Միտրոֆան Լակիծէ անուն դեղագործի մը կողմէ, բայց որպէս բառ՝ միջազգային է. անգլերէն՝ tarragon, վրացերէն՝ թարխունա, ֆրանսերէն, գերմաներէն, էստոներէն, սպաներէն, չեխերէն estragon, հոլլանտերէն եւ շուէտերէն՝ dragon, իտալերէն՝ dragoncello, ռումաներէն՝ tarhon:
Եւրոպական անուանումը ունի երկար շառաւիղ. միջին ֆրանսերէն՝ targo, լատիներէն՝ tragonia, բիւզանդական յունարէն՝ տրախոն, արաբերէն՝ տարխուն: Իսկ հայկականը փոխառութիւն է պարսկերէնէ: Բոլորին արմատն է դասական յունարէն «դրակոն» բառը՝ վիշապ: Նոյն արմատէն սերած է բուսաբանական անունը՝ Draconculus, այսինքն՝ «փոքրիկ վիշապ»: Լեզուաբաններուն յայտնի չէ, թէ բոյսը ինչո՛ւ այդպէս է կոչուած, բայց միջազգային խոհանոցները գիտցած են անկէ օգտուիլ: Իր 320 տեսակներէն, սիրուած են «ֆրանսական» եւ «ռուսական» կոչուածները, որոնք կը գործածուին մսեղէններու եւ աղցաններու մէջ: Իսկ ստուգաբանութեան համար հետաքրքրական է տեսնել, թէ բոյսը համեմած է նաեւ դատական եւ քաղաքական աշխարհը. Էստոնիոյ տնտեսութեան եւ հաղորդակցութեան նախարարութիւնը վճռած է, թէ «թարխուն» բառը խմիչքին նկարագրական անունն է: Ուստի, ըստ այդ երկրի օրէնքներուն, կարելի չէ զայն գրանցել որպէս վաճառանիշ:
Կարէնը, որ տարածաշրջանի լուրերէն տեղեակ է, կ՛աւելցնէ.
– Մի քանի տարի առաջ ռուսական Վորոնեժ քաղաքի օդակայանում հայկական թարխուն յայտնաբերել են, պարոն: Պարզուել է, թէ ուղեւորը չի ունեցել համապատասխան փաստաթղթերը: Մեղք ա եղել, կարելի էր էդ թարխունով եփել «Աշտարակի դոլմա», «խաշած կողակ», «ձուով տապակած կողակ»…
Պաշտօնեաները կասկածելով խոտաբոյսէն, թէ վնասակար կամ հիւանդ կրնայ ըլլալ, տեղում ոչնչացուցած են մեր թարխունը: Ճաշարանէն դուրս, քաղաքապետարանի կողմէ նոր տեղադրուած նստարաններու վրայ երկու կիներ, որոնք եկած ըլլալ կ՛երեւին մայրաքաղաքի արուարձաններէն, պարկերու մէջ կը ծախեն թարխուն: Մեր կատակախառն հարցումին պատասխանելով, անոնք բոլորիս կը վստահեցնեն, թէ իրենց թարխունը բոլորովին բնական է եւ… օրինական: