Եւ այդ յարգանքի տուրքը կ՛ուզեմ տալ մէջբերելով ընկեր Վահան Յովհաննիսեանի Օգոստոս 2013ին Դաշնակցութեան «Երկիր» համացանցային հրատարակութեան մէջ լոյս ընծայած «Մայրամուտ Որ Հարկ Է Կասեցնել» յօդուածաշարքի երրորդ մասի մէկ պարբերութիւնը:
«Մենք ձեզ երբեք երկնային մանանա չենք խոստացել: Մենք ասել ենք՝ եթէ դուք իրօք պատրաստ էք պայքարելու ձեր իրաունքների, ձեր ազատութեան համար, մենք կ՛առաջնորդենք ձեզ դէպի յաղթանակ: Սակայն եթէ դուք պատրաստւում էք սպասել հրաշքով ձեզ փրկողին, deus ex machina ոճով, իսկ ինքներդ ցանկանուք էք ապրել ինչպէս ապրում էիք՝ մի փոքր գողանալ, մի փոքր քծնել եւ շատ լաց լինել, եթէ ցանկանում էք նստել հեռուստաէկրանի առաջ եւ հեռուից հետեւել սեփական փրկութեանը, ապա առաւելագոյնը ինչ կը տեսնէք, կը լինի ձանձրալի բազմասերիանոց քաղաքական շօուն: Այնպէս որ, սիրելի հայրենակիցներ, մեզնից մի՛ դժգոհէք, մենք չենք դաւաճանել ձեր յոյսերը, քանի որ դուք մեզ ոչ մի յոյս չէիք էլ կապել: Արդէն 120 տարի է, ինչ մենք ձեզ խոստանում ենք բարդ պայքար եւ յաղթանակ: Ձեր պայքարը եւ ձեր յաղթանակը: Պարզապէս մենք ուրիշներից լաւ գիտենք, որ մէկն առանց միւսի չի լինում: Իսկ դուք պայքարի փոխարէն ընտրում էք կախարդական հեքիաթը, կամ այլ խօսքերով՝ որ ձեզ յիմարի տեղ դնեն: Եւ արդիւնքում ունէք այն, ինչին արժանի էք: Ընդ որում, ուշադրութիւն դարձրէք, որ Դաշնակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է հայ հասարակութեան մէջ, որը բացէիբաց ընդունում է իր սխալները եւ բաց քննադատութեան արժանացնում սեփական անցեալը եւ սեփական ղեկավարութեանը»։
Հարիւր քսանչորս տարի առաջ, երբ Թիֆլիսի մէջ կը հիմնուէր Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդին մօտ կար պայքարի պատրաստակամութիւնը: Այդ ազդանշանը տրուած էր Զէյթունի ապաստամբութեամբ, պայքարի միտքը հասունցած էր Զարթօնքի շարժումով եւ յեղափոխական գործը սկսած՝ ֆէտայական խումբերու առաջացումով եւ նախ Արմէնականներու, ապա ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան ստեղ-ծումով: Դաշնակցութեան ծնունդը, ինչպէս իր Անդրանիկ մանիֆեստը պիտի բացայայտէր, նոր կուսակցութեան մը ստեղծման նախանձախնդրութիւնը չէր, այլ՝ պայքարի պատրաստ ժողովուրդին իր իրաւունքներու պաշտպանութեան, իր ազատութեան ճանապարհին համար ազգային ռազմավարութիւն մը առաջացնելու անհրաժեշտութիւնը: Ճի՛շդ է, երկու տարի անց այլեւս Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն անուանակոչուած այս նոր կազմակերպութիւնը վերածուեցաւ կուսակցութեան: Ունեցաւ իր Ծրագիրը, կազմակերպական կանոնները եւ կառոյցը, եւ այդպէս ալ գործեց յաջորդ հարիւրամեակին մինչ այսօր: Ճիշդ է, որ 1907ին անդամակցելով Երկրորդ Միջազգայնականին ունեցաւ գաղափարախօսական իր յստակ դիմագիծը որպէս ընկերվարական կուսակցութիւն: Բայց Դաշնակցութիւնը երբեք չկորսնցուց իր գոյութեան իմաստը՝ որպէս հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ազատագրական պայքարի ազգային ռազմավարութիւն:
Այդ ռազմավարութեան էութիւնը կը կայանար հիմնականին մէջ՝ ազգային իրաւունքներու ձեռքբերման պայքարին համար միասնականութեան ապահովման մէջ: Խօսքը չի վերաբերիր միայն ժողովուրդի բոլոր հատուածներու եւ դասակարգերու միութեան: Այլ մանաւանդ՝ այն ժամանակներուն ե՛ւ երկու կայսրութիւններու միջեւ բաժնուած, ե՛ւ աշխարհացրիւ հայութեան պայքարի հաւաքական կարողականութիւնը առաւելագոյնս օգտագործելու նախանձախնդրութեան:
Առանց վերադառնալու Դաշնակցութեան հարիւր քսանչորսամեայ երկար ճամբային, ազգային եւ ընկերային պայքարի ձեռքբերումներուն եւ վերիվայրումներուն, այլ ժողովուրդներու յեղափոխական ուժերու հետ համագործակցութեան, բառին ամէնէն դրական իմաստով քաղաքական գործնապաշտութեան, պետական փորձառութեան եւ Սեւրի յաղթանակին, ապա եւ Նեմեսիսին, Սփիւռքի կառուցման, հայապահպանումին եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան… պիտի ուզէի կեդրոնանալ Դաշնակցութեան ռազմավարական կենսականութեան հայ ժողովուրդի պատմական ներկայ հանգրուանին:
Ընկեր Վահանին խօսքերը ուղղուած էին յատկապէս հայրենի հայութեան, եւ կ՛անդրադառնային Դաշնակցութեան տեղին ու դերին՝ անկախ պետականութեան ստեղծման գործընթացին մէջ վերջին քսանամեակին: Որքա՛ն իրաւունք ունի ան, երբ կ՛ըսէ թէ պայքարի պատրաստ հայ ժողովուրդին Դաշնակցութիւնը պատրաստ է առաջնորդելու եւ հասցնելու յաղթանակի: Վկայ՝ արցախեան ազատամարտը, եւ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ոտքի ելած արցախցիին օգնութեան փութացած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Բոլորս կը յիշենք այդ օրերը, 1988ը, որ անակնկալի բերաւ մեզի ազգովին, մէկուկէս միլիոնի ցոյցերը, «Միացում»… յետոյ ոսոխին բարբարոս հակազդեցութիւնը՝ Սումկայիթ, Մոսկուայի երկու չափ, երկու կշիռ նենգ քաղաքականութիւնը, եւ ինքնապաշտպանութեան համար զէնքի դիմելու անհրաժեշտութիւնը: Արցախի մէջ Դաշնակցութիւնը ըսաւ «ներկա՛յ» Արթուր Մկրտչեանով, Թաթուլ Կրպոյեանով, Վարդան Բաղշեանով, Մհերներով… նահատակներու եւ հերոսներու ամբողջ փաղանգ մը, որոնց յիշատակը յաւերժ ներկայ պիտի ըլլայ Արցախի համար կռուած, Արցախի համար զոհուած բոլոր ազատամարտիկներուն, բոլոր ծանօթ, բայց մանաւանդ խոնարհ հերոսներուն յիշատակին նման:
Արցախեան շարժումէն ծնունդ առաւ անկախութեան գործընթացը եւ հոն ալ Դաշնակցութիւնը «ներկա՛յ» ըսաւ, չվարանեցաւ բացայայտուիլ, վերադառնալ հայրենիք եւ իր մասնակցութիւնը բերել հայ ժողովուրդի գոյութենական գերագոյն երաշխիք՝ անկախ պետականութեան պայքարին: Այդ պայքարին պատրաստ էր հայրենի ժողովուրդը, որ ձայներու իննսունհինգ տոկոսով «Այո՛» ըսած էր անկախութեան: Այդ պայքարին փորձառութիւնը ունէր Դաշնակցութիւնը, որպէս 1918-1920ի անկախութեան կերտիչ: Ճիշդ է, եօթ տասնամեակ անցած էր, պատմական այլ ոլորտ էր, բայց առկայ էին «արեան կանչերն ու անկատար տենչերը»: Առկայ էր Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի իտէալը, որ ամբողջ սերունդներ կերտած էր Սփիւռքի մէջ, անոնց մօտ վառ պահելով հայրենադարձութեան հեռանկարը: Կային մանաւանդ արժէքները, որոնք 1918-1920ի «անձեւ քաօս»ը կը խոստանային վերածել ոչ միայն ժողովրդավար, այլ նաեւ ու մանաւանդ՝ սոցիալապէս արդար այն ժամանակներուն համար ամենայառաջապահ պետութեան, եթէ պոլշեւիկ-քեմալական սադրանքն ու անոր հանդէպ մեղսակից լռութիւն պահած միջազգային դիւանագիտութիւնը, այդ «հրէշները», ինչպէս Քրիստափոր բնութագրած էր, այդ երազը չվիժեցնէին…
Ո՛չ, Դաշնակցութիւնը Հայաստան չվերադարձաւ, ինչպէս այն ժամանակ հարա-հրոց բարձրացուցին իշխանութիւն վերցնելու համար: Դաշնակցութիւնը վերադարձաւ անկախանալու որոշումը առած ժողովուրդին պետականութիւն կերտելու այլընտրանք մը առաջարկելու համար եւ մասնակից դարձաւ այդ ուղղութեամբ ընթացք առած ժողովրդավար գործընթացին: Դաշնակցութիւնը Հայաստան վերադարձաւ ականջալուր ըլլալով 1918-1920 Հանրապետութեան ամենաքաջածանօթ պատմաբանին՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի զգուշացումներուն, ոչ միայն պատմական ժամանակներու կացութիւններու զուգահեռներուն առնչութեամբ, այլ եւ մանաւանդ՝ անկախութիւնը կերտելու համար Արամ Մանուկեաններու, Ռուբէններու, Օհանջանեաններու, Խատիսեաններու եւ Վրացեաններու նման նուիրեալ պետական անձերու անհրաժեշտութեան մասին:
Աւելի քոնկրետ՝ Դաշնակցութիւնը անկախ պետականութեան կերտման գործին մասնակցեցաւ շատ յստակ առաջարկիւ եւ անկախ պետականութեան տեսլականով: Առաջին՝ խորհրդարանական կառավարական համակարգ, որպէսզի համայնավարական միակուսակցական ամբողջատիրութենէն ժողովրդավարութեան անցումը ոչ միայն աւելի հեշտ ըլլայ, այլ մանաւանդ՝ աւելի իրական, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը ներկայացնէ ժողովուրդը, լսելի դարձնէ իր ձայնը եւ ապահովէ քաղաքական որոշումներու իր մասնակցութիւնը ներկայացուցչական հանգամանքով, եւ չվերածուի լոկ ընտրական խեղկատակութեան: Երկրորդ՝ ազատ տնտեսութեան անցումի հանգրուանային գործընթաց, որով եւ ապահովուի ոչ միայն երկրին համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող տնտեսական գործարքներու պետական վերահսկողութիւնը, ոչ միայն որպէսզի առողջ տնտեսութեան յառաջացման համար Հայաստանի ամենաթանկ դրամագլուխը՝ իր գիտնականներու եւ մտաւորականներու մարդուժը մնայ երկրին մէջ, ստանձնէ առանցքային դերակատարութիւն, այլ մանաւանդ՝ որպէսզի Հայաստանի տնտեսական համակարգը հիմնուի ընկերային արդարութեան վրայ, որպէսզի զարգացնէ երկիր մը, ուր ամէն հայ կարենայ իր եւ իր զաւակներուն ապագան տեսնել: Երրորդ՝ իրարու չհակադրել անկախ պետականութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, այլ զիրար ամբողջացնող, իրարմով հզօրացող ազդակներու վերածելու, որպէսզի հայ ժողովուրդի պատմական գործընթացը իր բնական հունը վերագտնէ եօթանասունամեայ ակամայ եւ պարտադրուած խզումէ մը երք: Արկածախնդրութիւն չէր այս մէկը, այլ՝ իրապաշտութիւն, որ գիտէ՛ր, թէ որքան ալ Թուրքիոյ հետ «նորմալ» յարաբերութիւնները ցանկացուին, որքան ալ Ցեղասպանութիւնը դուրս մնայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգէն, միեւնոյնն է՝ Ցեղասպան պետութիւնը, որ ոճիրին ուրացումը քաղաքականութեան եւ ինքնութեան վերածած էր, պիտի ուզէր Արեւմտահայաստանի բռնագրաւումը հաստատագրող օրէնքներ, Արցախի վերադարձ Ատրպէյճանին եւ, այդ ձեւով, քայլ առ քայլ, պիտի վերակենդանացնէր փանթրքական ծրագիրը: Պահանջատիրութիւնը կենդանի պահել, կը նշանակէր հիմը դնել ակտիւ եւ սփիւռքեան ամբողջ կարողականութիւնը օգտագործելու պատրաստ հայկական դիւանագիտութեան, որուն այնքա՛ն պէտք ունէր Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ շրջափակումի ենթարկուած Հայաստանը:
Այս բոլորը յստակ էր առաջին օրէն, եւ այնպէս չէ, որ հայ ժողովուրդը, հայրենի հայութիւնը, ընկալողը չէր այս այլընտրանքին, թէկուզ եւ Հայաստանի առաջին նախագահ ընտրած ըլլար այս այլընտրանքին բուռն կերպով ընդդիմացող Լեւոն Տէր Պետրոսեանը: Եւ գիտենք, որ մինչեւ 1994, մինչ Արցախի մէջ կ՛արձանագրուէին իրերայաջորդ յաղթանակներ, Հայաստանի մէջ առաջ կ՛ընթանար պետականութեան կերտման գործընթացը՝ խորհրդարանական թէ ժողովրդային բանավէճով, հոգ չէ թէ երբեմն սաստիկ, հոգ չէ թէ երբեմն թէկուզ եւ ոչ-քաղաքակիրթ, բայց այնուամենայնիւ այլընտրանքները կային: Եւ այդ ամբողջ գործընթացին ժամանակ Դաշնակցութիւնը միշտ զգոյշ եղաւ ներքին պառակտումէ խուսափելու, որպէսզի չվտանգուի Արցախի մէջ մղուած կենաց-մահու պատերազմը: Հարկ եղաւ Դաշնակցութիւնը արգիլել, անոր ղեկավարութիւնը անարդարօրէն ամբաստանել եւ բանտարկել, փորձել մուր քսել անոր վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ Դաշնակցութեան այլընտրանքային առաջարկը մէջտեղէն վերցնել եւ Հայաստանի մէջ հաստատել նախագահական ուղղահայեաց կառավարական համակարգ, որպէսզի ազատ շուկայական յարաբերութիւններու անցումը հաւասարի երկրի հարստութեան ալան-թալանին եւ մենաշնորհային դրամատիրութեան ստեղծումին, որպէսզի պետութիւնը վերածուի յառաջացած օլիկարգային դասակարգի շահերու պաշտպանութեան, յաւերժացման ու համակարգի վերարտադրման միջոցի ի հեճուկս՝ աշխատաւոր հայ մարդուն, որուն արտագաղթը մինչեւ իսկ ողջունեցին նէօլիբերալիզմի օրգանական մտաւորականները… Դաշնակցութիւնը արգիլեցին եւ խոստմնալից սկիզբ առած հայկական դիւանագիտութեան գործընթացը յանկարծ շեղեցաւ իր առաջին առողջ հունէն՝ հագուելու համար «Թուրքիոյ հետ առանց պայմաններու յարաբերբութիւններու» զսպաշապիկը:
Դաշնակցութիւնը երբեք չըսաւ որ թէկուզ եւ այդ մութ տարիներուն, անկախ պետականութեան կերտումի գործընթացը տապալուեցաւ: Երբեք չժխտեցինք այդ ուղիին վրայ էական ձեռքբերումներ, որոնցմէ ամէնէն կարեւորը ուժեղ, կարգապահ եւ մարտական բանակի ստեղծումն է: Ոչ ալ, երբ 1998էն ետք, երբ բանտէն ազատ արձակուեցան դաշնակցական ղեկավարներն ու վերացուեցաւ անոնց հանդէպ դրուած արգելքը, կուսակցութիւնը հրաժարեցաւ իր պայքարէն: Կրնային բանտարկել դաշնակցականները, կրնային արգիլել Դաշնակցութեան գործունէութիւնը, բայց չէին կրնար Դաշնակցութիւնը հիասթափեցնել: Դաշնակցութիւնը Հայաստան վերադարձած էր երկրին մէջ մնալու, երկրին մէջ գործելու եւ երկրին մէջ քաղաքական այլընտրանք ըլլալու համար: Չորսամեայ հակադաշնակցական հալածանքը կը նպատակադրէր նաեւ բաժնել Սփիւռքն ու հայրենիքը, իր ձեւով տարբեր, բայց էութէամբ նոյնը պահել խորհրդային կարգերու պարտադրած կացութիւնը: Բայց Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման ազգային ազատագրական պայքարը երկուքի չբաժնե՛ց: Դաշնակցութեան համար կայ մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք, մէկ պայքար:
Այդ իսկ պատճառով, թէկուզ եւ իր տեսլականէն շատ տարբեր անկախ պետական համակարգի մը մէջ, Դաշնակցութիւնը մնաց որպէս այլընտրանք, մինչեւ իսկ մասնակցելով կոալիցիոն կառավարութեան փորձառութեան: «Մայրամուտ…»ը կ՛անդրադառնայ Դաշնակցութեան քաջութեան՝ ինքնաքննադատութեան առջեւ կանգ չառնելու եւ ժողովուրդին հանդէպ իր հաշուետուութեան ժամանակ այդ մասին արտայայտուելու: Այդ ինքնաքննադատութիւնը յստակ է կոալիցիոնէն դուրս գալու որոշումին մէջ: Այո, տխրահռչակ ֆութպոլային դիւանագիտութիւնն ու հայ-թրքական փրոթոքոլները եղան այն կաթիլը, որ բաժակը հորդեցուց: Բայց կոալիցիայէն դուրս գալու պատճառը հիմնականին մէջ իշխանական համակարգէն ներս մտնելով հոն տիրած իրականութեան ականատես ըլլալու եւ այդ իրականութեան համաձայն չըլլալու իրողութիւնն է: Հատու են ընկեր Վահանին բառերը այդ իրավիճակի նկարագրման մէջ, եւ, միաժամանակ, յստակ կը դարձնեն, թէ ինչու համար Դաշնակցութիւնը դեռեւս 2013ի նախագահական ընտրութիւններէն ի վեր հայրենի իր քաղաքական յանձնառութիւնը բնորոշած է համակարգային ամբողջական իշխանափոխութեամբ եւ հրապարակ հանած եօթը կէտերով: Կրնանք համաձայնիլ կամ ոչ անոնց գործնականացման մարտավարական փուլերուն, բայց նպատակը յստակ դրուած է եւ տարբեր չէ այն սկզբունքներէն, որոնք բնորոշեցին Դաշնակցութեան վերադարձը եւ մասնակցութիւնը անկախ պետականութեան կերտումի պայքարին: Հարցումը, ուրեմն, պատմական այս հանգրուանին հայ ժողովուրդի պայքարի պատրաստակամութեան մասին է: Պայքար, որ այս պարագային չի նշանակեր գունաւոր յեղափոխութիւն կամ նմանատիպ արկածախնդրութիւն: Այլ՝ խօսքով եւ գործով ժողովուրդին համոզել, որ կրնա՛յ օլիկարգային իշխանակարգը փոխել, կրնա՛յ հաստատել ընկերային արդար համակարգ եւ կրնա՛յ կրկին անգամ Հայաստանը տեսնել որպէս այն երկիրը, ուր իր զաւակներուն եւ թոռներուն ապագան ամուր եւ ապահով է: Ժողովրդավար պայքար է այս, բայց ոչ այն ժողովրդավարութիւնը, ուր քուէները կը հաշուեն ոչինչ փոխելու համար: Ժողովրդավար պայքար է, որ հայրենի հասարակութեան մէջ գոյութիւն ունեցող բողոքը դրականօրէն պիտի հունաւորէ, զայն վերածելու համար քաղաքական ուժի եւ զօրաշարժի:
Իսկ Սփի՞ւռքը:
Ինչպէ՞ս կ՛արձագանգեն սփիւռքեան իրականութեան մէջ ընկեր Վահանին խօսքերը: Կա՞յ Սփիւռքի մէջ ժողովուրդ մը, որ պատրաստ է պայքարի եւ հոն անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի Դաշնակցութեան ղեկավար առաջնորդութեան:
Իմ պատասխանս ոչ միայն միահամուռ կերպով դրական է, այլ համոզուած եմ, որ այսօր աւելի քան երբեք, Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի լինելութեան մէջ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է: Ինչպէս շատերը հոս, ես ալ կը պատկանիմ սերունդի մը, որ հասակ առաւ, երբ Հայ Դատի պայքարը թեւակոխած էր իր ամենաճակատագրական հանգրուանը: Կը պատկանինք սերունդի մը, որ մեծցաւ տօնելով յաղթանակը հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը մոռացութենէն դուրս բերելու յանդուգն արարքներուն, կը պատկանինք Նեմեսիսի ժառանգ Լիզպոն կերտող մարտիկներու սերունդին… Լռութեան պատը բեկանող այդ յաղթանակները ունեցան իրենց քաղաքական հաստատագրումները Ժընեւէն մինչեւ Եւրոխորհրդարան, երբ Դաշնակցութեան ղեկավարներն էին Հրայր Մարուխեաններն ու Սարգիս Զէյթլեանները, Հրաչ Տասնապետեանները, Բաբգէն Փափազեաններն ու Սագօ Սարգիսեանները:
Մեր սերունդը արցախեան շարժման եւ անկախութեան գործընթացին մէջ տեսաւ Հայ Դատի պայքարին տեղափոխումը դէպի իր բնական ենթահող: Ի՞նչը աւելի յուսատու էր, քան շարունակականութիւնը եւ ընդարձակումը այդ պայքարին, երբ ոտքի էր Արցախը, ոտքի էր հայրենի ժողովուրդը: Թերեւս մեր իտէալականութեամբ կը սպասէինք այդ մէկը, որքան ալ որ, պարզ է, 1988ը անակնկալի բերաւ բոլորիս: Մեր սերունդին այս գաղափարական պատրաստակամութիւնն էր որ ՀՅԴ 24րդ Ընդհանուր ժողովին «Դէպի Երկիր» կարգախօսը շօշափելի իրականութիւն դարձուց, որպէսզի իրականութիւն դառնայ ոչ թէ միայն Դաշնակցութեան վերդարձն ու ծաղկումը Հայաստանի մէջ, այլ՝ որպէսզի իրականանայ մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք, մէկ պայքար գաղափարը: Կրկնելու աստիճան պիտի հաստատեմ, որ Դաշնակցութիւնը երկուքի չբաժնուեցաւ, որովհետեւ կարելի չէ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարը երկուքի բաժնել:
Այս մէկը կը նշանակէ նաեւ, որ թէկուզ եւ արցախեան գոյամարտին եւ անկախութեան գործընթացին կենսական առաջնահերթութեան, Սփիւռքի մէջ Հայ Դատի պայքարը երբեք չդադրեցաւ: Ընդհակառակը, անցնող քառորդ դարու փորձառութեամբ անիկա շատ աւելի մասնագիտացաւ եւ ընդարձակուեցաւ իր օրակարգին մէջ առնելու համար Արցախի անկախութեան ճանաչումը, անկախ պետականութեան հզօրացումը, բայց նաեւ շուտով՝ ջաւախքահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Սփիւռքի մէջ արձանագրեցինք կարեւոր յաջողութիւններ՝ սկսելով Արցախի ի նպաստ որոշումներէն մինչեւ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման օրէնքները, որոնք, աւաղ, այնպէս ալ իրենց ռազմավարական ամբողջական նշանակութիւնը չստացան Հայաստանի դիւանագիտական գործընթացին մէջ:
Սփիւռքը մնաց ոտքի ու պայքարի ունակ: Հանգրուան մը կրնար ամբողջացած ըլլալ մեր սերունդին համար, բայց ճանապարհը դեռ երկար էր: Եւ Սփիւռքէն լսուեցաւ փրոթոքոլներուն դէմ Արամ Ա. վեհափառի հզօր կոչը՝ «Ո՛չ, հազար անգամ ո՛»չ, որուն անմիջապէս արձագանգեց հայրենի ժողովուրդը ընդառաջ գալով կուսակցութեան զօրաշարժի կոչին: Հոն ալ յաջողութիւն արձանագրեցինք Սահմանադրական դատարանի հանրածանօթ բանաձեւով, թէեւ դեռեւս կը սպասենք, որ ՀՀ նախագահը ետ քաշէ իր ստորագրութիւնը փրոթոքոլներէն, որպէսզի այդ յաջողութիւնը ըլլայ ամբողջական:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի շէմին ենք, եւ Դաշնակցութիւնը պատրաստ է արդէն սկիզբ տալու արդարահատոյցի հանգրուանին: Տեսլականը միշտ կար, այսօր կայ ծրագիրը եւ Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի ոգեկոչման պաշտօնական լոզունգը՝ «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», կը խոստանայ որ պահանջատիրութիւնը թերեւս մտնէ եւ պետական քաղաքականութեան օրակարգ: Բայց Դաշնակցութիւնը կը խոստանայ յաջորդ հարիւրամեակին պահանջատիրական նոր հանգրուան մը քրիստափորեան «Յարատեւ Պայքար»ի ոգիով: Եւ երբ կը նայինք մեր երիտասարդութեան, հայրենիքի մէջ միլիոնաւորներու ջահագնացութեան, Սփիւռքի մէջ արդէն հասակ առած եւ ղեկավար դիրքերու հասած չորրորդ սերունդին ու իր յանձնառութեան փաստին, մենք գիտենք որ մեծ յաղթանակը՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը օր մը անպայման պիտի տօնենք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.