ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, որ Կիրակի օր Փարիզ մեկնած էր «Շարլի Հեպտօ»ի ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին կազմակերպուած քայլարշաւին մասնակցելու համար, անկէ անցաւ Գերմանիա, ուր Յունուար 12ին պաշտօնական հանդիպումներ ունեցաւ իր պաշտօնակից Անկելա Մերքելի ու թրքական շրջանակներու հետ։
Լրատու գործակալութիւններ Յունուար 13ին կը հաղորդեն, թէ Մերքել-Տաւութօղլու հանդիպումն ու անկէ ետք սարքուած մամլոյ ասուլիսը քաղաքական նոր բանավէճի մը ծնունդ տուին Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցին շուրջ։ Գերմանիոյ վարչապետը դիւանագիտական բաւական կարծր լեզուով մը «սաստեց» Տաւութօղլուն, երբ ան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ Թուրքիոյ անդամակցութեան մասին ու ըսաւ, որ եթէ իր երկիրը աւելի առաջ առնուած ըլլար Եւրոմիութենէն ներս, մշակութային ու կրօնական գետնի վրայ թշնամութիւնները այս վիճակին հասած չէին ըլլար։
Տաւութօղլու աւելցուց, որ Թուրքիոյ անդամակցութեամբ, քրիստոնէական ու իսլամական քաղաքակրթութիւնը եւ կրօնքը միասնաբար պիտի վերակառուցանեն Եւրոպան՝ շեշտելով նաեւ, որ Թուրքիա անդամակցութեան հարցով պէտք ունի Գերմանիոյ զօրակցութեան։
Իր կարգին Մերքել ըսաւ, որ Թուրքիոյ անդամակցութեան հարցով Գերմանիոյ դիրքորոշումը չէ փոխուած։ Գերմանիա կը զօրակցի բանակցային գործընթացին, սակայն վերապահութիւններ ունի այդ ուղղութեամբ։ Գերմանիոյ վարչապետը, անդրադառնալով Տաւութօղլուի վերեւի խօսքերուն՝ նշեց. ««Եթէ այդպէս ըլլար, այսպէս չէր ըլլար» հաւանականութիւններով խօսիլը ծայր աստիճան ենթադրական մօտեցում մըն է»։
Դարձեալ խօսք առնելով՝ Տաւութօղլու ըսաւ. «Թուրքիա դարեր շարունակ Եւրոպայի մէկ մասնիկը եղած է, ու մեր երկրի ասիական ինքնութիւնը չի ծածկեր մեր եւրոպական ինքնութիւնը։ Վստահ եմ, որ օր մը Թուրքիա Եւրոմիութեան պիտի անդամակցի ու ատիկա լաւագոյն պատասխանը տուած պիտի ըլլայ համայն աշխարհին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.