ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալ Մարի Հարֆ յայտնած է. «Հակառակ իր օրինականութիւնը կորսնցուցած ըլլալուն, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է ներկայ ըլլայ բանակցութիւններուն»:
Հարֆ գնահատեց «սուրիական տագնապը լուծելու եգիպտական ջանքերը»՝ յոյս յայտնելով, որ ձեռք կը բերուին արդիւնքներ, որոնք սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն միջեւ կապերը բարելաւելու գծով յառաջդիմութեան կ՛առաջնորդեն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի տեղակալը աւելցուցած է. «Ուաշինկթըն Սուրիոյ տագնապը լուծելու ձգտող բոլոր ջանքերուն կը զօրակցի»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.