«Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերն անհրաժեշտութեան դէպքում դիմելով պատասխան քայլերի շարունակել են վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան համաձայն՝ ղարաբաղեան կողմը ԵԱՀԿի առաքելութիւնը հասցուցած է իր առաջապահ դիրքերը, սակայն ատրպէյճանական կողմէ արձակուած կրակոցին պատճառով առաքելութեան ներկայացուցիչները, անվտանգութեան նկատառումներով, նպատակայարմար գտած են ընդհատել դիտարկումը:
Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէ կ՛ընկերակցէին արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութիւններու ներկայացուցիչները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.