ՄՈՆԹՐՈԶ.- Յաջողութեամբ պսակուած է տօնական օրերու նախօրեակին նախաձեռնուած Քրեսենթա հովիտի Հայ կեդրոնի խաղալիքներու հաւաքը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է մեծ քանակութեամբ խաղալիքներ ապահովել կարիքաւոր երեխաներու համար։
Քրեսենթա հովիտի հայութեան եւ Հայ կեդրոնին համատեղ ջանքերով հաւաքուած խաղալիքները յանձնուած են Կլենտէյլի հրշէջներուն նախաձեռնած «Firefighters Spark of Love Toy Drive» արշաւին, որուն հաւաքած խաղալիքները նուիրուած են շրջանի կարիքաւոր երեխաներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.