ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «ONEArmenia», «Արմթաբ» եւ «Օրրան» կազմակերպութիւններու համագործակցութեան շնորհիւ հայաստանեան արտադրութեան առաջին 100 անտրոյտ-փլանշեթները («Արմթաբ» մակնիշի) պիտի տրուին Հայաստանի պատանիներուն՝ անոնց, որոնք ամէնէն աւելի կարիք ունին փլանշեթներուն։ Նախաձեռնութեան կրնան մասնակցիլ նաեւ բոլոր փափաքողները՝ միանալով «ONEArmenia»ի կազմակերպած դրամահաւաքին եւ այդպիսով իրենց ներդրումը ունենալով Հայաստանի ապագայի զարգացման մէջ:
«Մենք ցանկանում ենք նշանաւորել Հայաստանի մուտքը դէպի պլանշետների արդիւնաբերութիւն այն վստահութեամբ, որ գործարանի առաջին 100 պլանշետները հասնելու են 100 հայաստանցի պատանիների: «Օրրան»ի իւրաքանչիւր երեխայ, ով կը ստանայ պլանշետ, նաեւ կը ստանայ իր եւ Հայաստանի համար աւելի լաւ ապագայ պատկերացնելու հնարաւորութիւն», գրուած է «ONEArmenia»ի կայքին վրայ:
Փլանշեթները կը կոչուին «1tab», քանի որ «1A»ի դրամահաւաքով ձեռք բերուած 1 փլանշեթը պիտի յանձնուի «Օրրան»ի 1 երեխայի: Իւրաքանչիւր «1tab» պիտի համապատասխանեցուի ծրագիրին: Փլանշեթները յագեցած պիտի ըլլան կրթական ծրագիրներով, հայալեզու յաւելուածներով: Կազմակերպութեան երկարաժամկէտ նպատակն է շարունակել համագործակցութիւնը Հայաստանի համակիր կազմակերպութիւններուն հետ, որպէսզի դասընթացքներու միջոցով երեխաները ներածական գիտելիք ձեռք բերեն ծրագրաւորման եւ ծրագրային ապահովման ոլորտին վերաբերեալ:
«Արմթաբ»ը պիտի սկսի փլանշեթներ արտադրելու 15 Յունուար 2015էն ետք: Արտադրութենէն ամիս մը ետք՝ ամբողջովին յագեցած անհրաժեշտ ծրագիրներով եւ յաւելուածներով, փլանշեթները պիտի յանձնուին «Օրրան»ի պատանիներուն։
Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտը կը կազմէ Համախառն ներքին արտադրութեան փտածութենէ զերծ եղողներուն 20 տոկոսը: Ըստ վիճակագրութեան՝ 2008-2013 թուականներուն ոլորտի ծաւալները աճած են տարեկան միջինը 22 տոկոսով: Այս մասին խօսած է «Արմթաբ Թեքնոլոջիզի» հիմնադիր եւ գլխաւոր գործադիր տնօրէն Վահան Շաքարեանը՝ աւելցնելով, որ որոշում կը կայացուի ամերիկեան «Միննօ» ընկերութեան միջոցով Հայաստանի կարիքներուն համապատասխանեցուած կրթական փլանշեթներու արտադրութեան մէջ ներառելու գծով: «Ես ասացի իմ գործընկերոջը, որ Հայաստանը յայտնի էր որպէս Խորհրդային Միութեան «Սիլիկոնային հովիտ» եւ մինչ օրս ունի ուժեղ ՏՏ ոլորտ, որի հսկայական ներուժը մնում է չօգտագործուած», նշած է Շաքարեան:
Մինչ այս փլանշեթներու սարքակազմը մնայուն կերպով ձեռք կը բերուի, կ՛արտադրուի եւ կը հաւաքուի Չինաստանի, Հոնկ Քոնկի կամ Թայլընտի մէջ։
«Արմթաբ»ով Հայաստանը յաւակնում է առաջին անգամ իսկապէս անկախ եւ մրցունակ դերակատար է դառնալ պլանշետների արդիւնաբերութիւնում: «Արմթաբ»ի նոր գործարանը նաեւ նոր աշխատատեղեր կը տրամադրի ՏՏ ոլորտի տեղական կադրերին (որոնց մեծամասնութիւնը կանայք է), ինչպէս նաեւ ճանապարհ կը հարթի միջազգային բարձր չափանիշներին համապատասխանող այլ գործարանների ստեղծման համար», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.