Օրենճ Քաունթի ծնած եւ նախնական ուսումը տեղւոյն Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանէն ստացած Թովմասեանը նախ անգլերէնով ներկայացուց իր պատկերացումը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մասին՝ իբրեւ կուսակցութիւն մը, որ կրնայ իր պատմութեան ընթացքին սխալներ գործած ըլլալ, բայց ոչ ոք կրնայ կասկածիլ անոր նուիրուածութենէն, սկզբունքայնութենէն ու հայրենասիրութենէն։
Ապա, ԿԿի ներկայացուցիչը իր խօսքը շարունակեց հայերէնով: Ստորեւ՝ Թովմասեանի պատգամին գլխաւոր մասերը.
Հայ ժողովուրդը տարիներու ընթացքին կրած է ցաւ, տառապանք, զրկանք… այս բոլոր դժուարութիւնները երբեք արգելք չեն եղած հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ նուաճումին, այլ ընդհակառակը, մեզի տուած են ուժ, կորով եւ ներշնչում՝ շարունակելու մեր պայքարը:
Այսօրուան տօնակատարութիւնը ունի յատկանշական քանի մը նպատակներ:
– Ներկայ ենք տօնելու մեր մշակոյթը, գեղարուեստական համեստ յայտագիրով։
– Ներկայ ենք ականատես դառնալու երիտասարդութեան ներդրումին՝ մեր աշխատանքներուն մէջ:
– Ներկայ ենք նաեւ մեր միտքերը զարգացնելու օրուան բանախօսին ելոյթով:
– Եւ մանաւանդ որպէս ՀՅԴ կուսակցութիւն՝ տեղեկացնելու ժողովուրդը մեր լայնածաւալ աշխատանքին մասին եւ հաշուետու գտնուելու մեր համայնքին առջեւ, որպէս տարիներու ընթացքին անոր նեցուկ կանգնող կուսակցութիւն։
Մեր աշխատանքները այս գաղութէն ներս բազմատարած են: Սկսած մշակութայինով եւ հասնելով մինչեւ կրթականը, մեր ծրագիրներու կարեւոր նպատակներէն մին առօրեայ կեանքի եւ հասարակութեան վրայ պայմանադրուած եսակեդրոնացման դիմաց ոչ միայն ինքնութիւն պաշտպանելն է, այլ ինքնութեան ծաղկացման առիթ տալն է։ Միեւնոյն ժամանակ, միշտ կարելի է մեր ծառայութեանց օղակը լայնցնել, ներգրաւելու համար ա՛լ աւելի մեծ թիւով ժողովուրդ:
Որպէս օրինակ՝ քանի մը ժամ առաջ վերադարձայ ՀՅԴ «Շանթ» Ուսանողական միութեան կազմակերպած դաստիարակչական շաբաթավերջէն, ուր ներկայ էին 15 համալսարաններէ աշակերտներ: Դաստիարակչականներու միջոցաւ համալսարանականները սորվեցան քաղաքական գործընթացներուն մասնակից դառնալու կարեւորութեան եւ գաղութային կազմակերպուածութեան օգտակարութեան մասին։ Ա՛յս է լաւագոյն փաստը մեր աշխատանքի միացնող յատկութիւններուն։ Այս առիթները կը ներկայանան միայն, երբ մեր հանգստութեան գօտիէն դուրս կ՛անցնինք՝ փնտռելու համար նոր միջոցներ:
Այսպէս, կարելի պիտի ըլլայ բոլորին մասնակցութիւն բերել համազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ, ինչպէս՝ Արցախի անկախութիւնը եւ ապահովութիւնը, նաեւ ջաւախքահայութեան եւ սուրիահայութեան թիկունքին գտնուիլ եւ պատմական իրաւունքներու տէր կանգնիլ:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը անկիւնադարձային պէտք է ըլլայ, ոչ թէ որովհետեւ մեր պայքարը աչքառու կլոր թիւ նուաճած է, այլ որովհետեւ անիկա կարեւորագոյն պահն է մեր պահանջատիրութիւնը վերանորոգելու՝ մասնակցելով բոլոր ոգեկոչման ձեռնարկներուն…
Կ՛ուզեմ նշել այս կապակցութեամբ եւ մեր շրջանին կազմակերպութեամբ երեք քաջալերելի նախաձեռնութիւններ.
– Առաջին՝ Ապրիլ 24ին տեղի պիտի ունենայ բազմահազար հայորդիներու քայլարշաւը, սկսած Լոս Անճելըսի Փոքր Հայաստան թաղամասէն, հասնելով մինչեւ թրքական դեսպանատուն, ուր բազմաթիւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ իրենց բողոքի ձայնով պիտի միանան մեզի:
– Երկրորդ՝ Կլենտէյլ քաղաքին մէջ պիտի կառուցուի Հայոց մշակոյթին եւ Ցեղասպանութեան նուիրուած կեդրոն-թանգարան, օտար հանրութեան մօտէն ծանօթացնելու մեր ազգն ու պատմութիւնը։
– Երրորդ՝ հատուցումներու մեր հետապնդումը իրաւական նոր քայլ պիտի առնէ։ Մօտ ապագային, մանրամասնօրէն պիտի տեղեկացնենք մեր պահանջատիրութեան իրաւական դրսեւորման այս նոր զարգացումներուն մասին:
Մեր նպատակները նուաճելու համար նուիրուածութիւնը անհրաժեշտութիւն է, մանաւանդ, որովհետեւ անիկա կը վերաբերի Հայաստանի երկրորդ բանակի մեր դիրքի ամրապնդումին…
Անցեալին, երբ մեր ուղեցոյցը կը կեդրոնացնէինք դէպի հայրենիք, միշտ կը գտնուէինք դժուարութիւններու եւ զանազան խոչընդոտներու դէմ յանդիման։ Սակայն այսօր այդ ուղեցոյցը մեզ կ՛առաջնորդէ նորանոր եւ գործնական գաղափարներով:
Ունինք այնպիսի առիթներ, զորս մեր նախորդները չեն ունեցած՝ երբե՛ք: Ունինք անկախ հողամաս մը, զոր կը կոչենք Հայրենիք: Ունինք արդիական միջոցներ, որոնք աւելի հնարաւոր կը դարձնեն եւ կը դիւրացնեն համագործակցութիւնը Սփիւռքին եւ հայրենիքին միջեւ։ Մեր պարտականութիւնն է՝ որպէս ղեկավար կուսակցութիւն եւ ինչու չէ որպէս Սփիւռք, վերոյիշեալ առիթներէն օգտուելով՝ յառաջ տանիլ այդ աշխատանքները, որոնք պիտի կերտեն այն Հայաստանը, որուն արժանի է հայ ժողովուրդը։
Մենք պէտք է մասնակցինք եւ նախաձեռնենք քաղաքական եւ քաղաքացիական շարժումներու, որոնք կը պայքարին անարդարութեան դէմ, կը պայքարին դասակարգերու անհաւասարութեան սրութեան դէմ, կը քարոզեն ժողովրդավարութիւն, կը պաշտպանեն քաղաքացիի արժանապատուութիւնը եւ կը գործեն «Դէպի Երկիր» նշանաբանով։
Այս իւրայատուկ ծրագիրները յաջողցնելու համար, պէտք ունինք համազգային մօտեցումի՝ ձեռք ձեռքի տալով բոլորս, սկսեալ այս գաղութէն, հասնելով մինչեւ Հայաստան: Ասիկա միակ ձեւն է ըմբռնելու համար մեր ազգային կարողականութեան սահմանները։
Սիրելինե՛ր, որպէսզի մեր պայքարը յաջողի, միասնական ուժը ինքնին բաւարար չէ, միասնականութեան կողքին հարկաւոր է ունենալ գաղափարական անշարժ հիմք, գործնական թարմ ծրագիրներ, աշխատանքի պատրաստակամութիւն եւ անսահման նուիրում։
Այսօրուան խօսքս կ՛ուզեմ ամփոփել մեր Մանիֆեստի ազդեցիկ տողերով, որոնք 124 տարիներ շարունակ ներշնչած են բոլորիս. «Միանանք ամէնքս ժողովրդի հետ, որ բարձրացրել է ազատութեան դրօշակը: Նա, ով այսօր երեսը կը դարձնի ժողովրդից եւ չի հետեւիր նրան, այդ ժողովրդի թշնամին է։
Ուրեմն, քոյրեր եւ եղբայրներ, միանանք յանուն սուրբ գործի՝ ընդհանուր թշնամու դէմ։
Եւ դո՛ւք, երիտասարդներ, միշտ եւ ամէն տեղ վսեմ գաղափարների պաշտպաններ, միացէ՛ք ժողովրդի հետ:
Եւ դո՛ւք, ալեզարդ ծերունիներ, հպարտացէք եւ ոգեւորուեցէք ձեր որդոց, օգնեցէք ձեր բազմամեայ փորձառութեամբ։
Եւ դուք հարուստներ, բաց արէք ձեր քսակները՝ զէնք հայթայթելու ժողովրդին, որ նա կարող լինի պաշտպանել իր կուրծքը, որ բաց է արել թշնամու դէմ:
Եւ դո՛ւ, հայ կին, ոգի ներշնչիր սուրբ գործի մէջ:
Եւ դո՛ւ, հայ հոգեւորական, օրհնիր ազատութեան զինուորներին:
Սպասելու ժամանակ չէ.
Համախմբուենք հայեր, եւ քաջութեամբ առաջ տանենք Հայաստանի ազատութեան սուրբ գործը»։