ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- «2014ին մենք բազմիցս ականատես եղանք, որ շփման գիծին վրայ որեւէ բռնարարք ապակայունացում կը ստեղծէ եւ կրնայ կողմերուն միջեւ լարուածութեան վտանգաւոր սրումի պատճառ դառնալ», ըսած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք, աւելցնելով, որ համանախագահներու տարածաշրջան յաջորդ այցին թուականը տակաւին յստակ չէ։
Ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի. Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ դիւանագէտը ազդարարած է, որ ռազմական գործողութիւնները կրնան տապալել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու ջանքերը։ Ան աւելցուցած է, թէ յառաջիկայ շաբաթներուն, համանախագահները պիտի հանդիպին
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
«Յոյս ունինք, որ նախարարները կը հանդիպին եւ կը կարենան քննարկել առաջ շարժուելու ճանապարհները: Մենք նաեւ յոյս ունինք, որ նախագահները կը կատարեն 2014ի Հոկտեմբերին ստանձնած իրենց պարտաւորութիւններն ու կը շարունակեն երկխօսութիւնը», ըսած է Ուորլիք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.