
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Գիւմրիի դրամատիկական թատրոնի շէնքին մէջ 13 Յունուարին կայացաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Արկադի Պախինի հանդիպումը: Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ դռնփակ։
Հանդիպումէն ետք նախարար Սէյրան Օհանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց բոլորին՝ դէպքը չքաղաքականացնելու:
Աւելի ուշ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գրուած է. «Հանդիպման ժամանակ Արկադի Բախինը տեղեկացրել է շարքային Վալերի Պերմեակովի ձերբակալութեան, 102րդ ռազմակայանում ընթացող ներքին ծառայողական քննութեան ընթացքի մասին եւ պատրաստակամութիւն է յայտնել շարունակել համագործակցութիւնը Հայաստանի իրաւապահ մարմինների հետ՝ յարուցուած քրէական գործի շրջանակներում: Սէյրան Օհանեանն էլ յորդորել է շարունակել համադրուած աշխատանքը երկու պետութիւնների պաշտպանական կառոյցների միջեւ՝ յանցագործութիւնն ամբողջութեամբ բացայայտելու գործում իրաւապահ մարմիններին աջակցելու ուղղութեամբ»: