ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 8 Յունուարի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը:
Դեսպանին կ՛ընկերանար դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդականը:
Վեհափառ հայրապետին ու դեսպան Հէյլի միջեւ խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի շուրջ: Այս ծիրէն ներս, քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուող հարցեր: Կաթողիկոսը նաեւ արծարծեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը եւ այդ առիթով տեղի ունենալիք յառաջիկայ ծրագիրները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.