
ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- «Թրենտ» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿի գործող նախագահ, Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար ու առաջին փոխվարչապետ Իվիցա Տալիչ Երեւանի եւ Պաքուի մէջ պիտի քննէ Արցախի հարցի կարգաւորման գործընթացը, յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուած այցին ընթացքին։ Տալիչ խոստացած է՝ 2015ին «անմիջականօրէն զբաղիլ հակամարտութիւններու եւ ճգնաժամերու կարգաւորումով»։
2014ի Սեպտեմբեր 10ին, ըստ ատրպէյճանական լրատու գործակալութեանց՝ Տալիչ յայտարարած էր, թէ Ատրպէյճանի ու Սերպիոյ դիրքորոշումները կը համընկնին Ղարաբաղի հարցով: «Մենք կը սատարենք բոլոր երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան», ըսած էր ան՝ ըստ ատրպէյճանական գործակալութեանց:
Աւելի ուշ Սերպիոյ «Թանժուկ» կայքը գրած էր, թէ ատրպէյճանական լրատու գործակալութիւնները «խմբագրած» են Տալիչի ու Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի համատեղ մամլոյ ասուլիսը: «Այն, որ սուտը Ատրպէյճանի գերագոյն աստուածներու պանթէոնին մէջն է՝ լկտիութեամբ զիջելով միայն Ալիեւներու պաշտամունքին, նորութիւն չէ եւ ոչ ալ զարմանալի», նշուած էր յօդուածին մէջ:
«Ստուգումէն ետք պարզուեցաւ, որ Տալիչի վերագրուած յայտարարութիւնը կատարած է Մամետեարովը, իսկ Տալիչ միայն ըսած է, որ անհրաժեշտ է բացառել ուժի կիրառումն ու ջանքերը ուղղել խաղաղ բանակցութիւններու», գրուած էր յօդուածին մէջ: «Հասկնալի է, որ սուտի վրայ հիմնուած ատրպէյճանական հռետորաբանութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն կրնայ ունենալ ջանքերը խաղաղ բանակցութիւններուն ուղղելու մասին յայտարարութեան հետ», եզրակացուցած էր յօդուածը։