Սինտաղմայի հրապարակին վրայ Ուրբաթ կէսօրին նախատեսուած հաւաքին մասնակցելու համար Թուրքիայէն օդանաւով ճամբայ ելան 20 հոգի, գլխաւորութեամբ կազմակերպութեան ղեկավար Իսմայիլ Հաքքը Փեքինի, որպէսզի մամլոյ ասուլիս մը սարքեն խորհրդարանի շէնքին առջեւ:
Յունաստանի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբը, տեղեակ ըլլալով այս հաւաքի մասին, որոշեց ներկայ ըլլալ եւ կանխարգիլել նման միջոցառման կազմակերպումը, որ հակահայ իր բնոյթէն անդին, նպատակ ունէր գրգռել եւ անարգել յունական պետութիւնը: ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբի քանի մը տասնեակ ընկերներ, կանուխէն համախմբուեցան Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, կտրուկ մերժելով Յունաստանի մայրաքաղաքի եւ ազատ ու ժողովրդավար երկրի մը խորհրդարանին առջեւ նման ցեղապաշտական միջոցառման կազմակերպումը:
Ինչպէս շուտով յայտնի դարձաւ, «Թալէաթ փաշա կոմիտէ»ի անդամները, ժամանած ըլլալով Աթէնք, տեղեակ պահուեցան, թէ հայութեան ներկայացուցիչներ ներկայ են արդէն Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, իրենց մամլոյ ասուլիսին հակազդելու նպատակով: Այս եղելութեան լոյսին տակ, տեսնելով թէ երկրի օրէնքը հեգնելու եւ հայութեան դէմ հալածանքի ու սպառնալիքներու իրենց նպատակը դժուար իրագործելի պիտի ըլլար, հանդիպելով հակազդեցութեան եւ բախումներու, ենթարկուելով ոստիկանութեան ցուցմունքին, անոնք վերադարձան օդանակայան եւ անկէ՝ անմիջապէս մեկնեցան դէպի Թուրքիա:
«Յոխորտանքներով եւ սպառնալիքներով Թուրքիայէն ճամբայ ելած «Թալէաթ փաշա կոմիտէ»ի անդամները, Աթէնք ժամանեցին՝ լեցուած թրքական անբարտաւանութեամբ, բայց շուտով մեկնեցան՝ պարապ ձեռքերով եւ պարտութիւն մը ճաշակած ըլլալու դառնութեամբ», կը նկարագրէ մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր» օրաթերթը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.