ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ երկու ձեռնարկ, նշելու համար կուսակցութեան 124րդ տարեդարձը:
Անցեալ Շաբաթ օր՝ 10 Յունուարին, Ֆերահեան վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ աւելի քան վեց հարիւր Դաշնակցական ընկերներ եւ համակիրներ մասնակից եղան ՀՅԴ հիմնադրութեան 124րդ տարեդարձին նուիրուած խրախճանքին: Երեկոն իր հայրենասիրական եւ ժողովրդական երգերով խանդավառեց սիրուած երգիչ Յարութ Փամպուքճեան:
Կիրակի, 11 Յունուարի երեկոյեան, Կլենտէյլ «Հայ սքուլ»ի սրահը ծայրէ ծայր լեցուած էր Դաշնակցութեան Օրուան տօնակատարութեան մասնակիցներով, որոնք ոգեւորութեամբ հետեւեցան ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ յառաջացած յատուկ յանձնախումբի պատրաստած յայտագիրին:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Արժանթինէն հրաւիրուած համալսարանի դասախօս, մտաւորական, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, որ իր պատգամին մէջ շեշտեց, թէ «այսօր՝ աւելի քան երբեք, Դաշնակցութիւնը հայ ժողովուրդի լինելութեան մէջ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է»:
Ձեռնարկի մանրամասն թղթակցութիւնը եւ Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի ելոյթը ամբողջութեամբ պիտի ներկայացնենք յաջորդիւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.