2013ին Նիւ Ճըրզի նահանգէն երկու տիկիններ՝ Պէթի Չէրքէզեան եւ Նենսի Պըրտմըն, գաղափարը յղացան «Սիրով Հիւսուած» անունով ծրագիրի մը, անհրաժեշտ գլխարկներ եւ ծածկոցներ հայթայթելու Հայաստանի նորածին մանուկներուն: Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) տեսնելով անհրաժեշտութիւնը այս ծառայութեան՝ որդեգրեց զայն, որպէս մէկ մասը հայրենիքին մատուցած իր տարբեր նպաստի ծրագիրներուն:
Ամէն տարի շուրջ 40,000 երեխաներ կը ծնին Հայաստանի մէջ, սակայն շատ քիչ ծննդատուներ գլխարկներ եւ ծածկոցներ կը հայթայթեն նորածիններուն, իսկ հեռաւոր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ բնաւ չի հայթայթուիր:
Անդրադառնալով այս մեծ կարիքին, «Սիրով Հիւսուած» ծրագիրը կը ձգտի, որքան որ կարելի է, գլխարկներ եւ ծածկոցներ ապահովել բոլոր նորածիններուն՝ Հայաստանի ամբողջ տարածքին: Անցեալ տարի այս ծրագիրը ներկայացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու տարբեր համայնքներուն, եւ մինչեւ օրս արդէն շատ մը կիներ մեծ սիրով կը մասնակցին անոր, հիւսելով գեղեցիկ գլխարկներ եւ ծածկոցներ:
Հիւսուած ծածկոցներուն չափը պէտք է ըլլայ նուազագոյնը 30″ x 30″ (inch), իսկ գլխարկներուն չափը 9″էն 14″ (inch) տրամագիծով: Անհրաժեշտութեան պարագային ԱՀԱԸի կայքին վրայ կարելի է գտնել գլխարկներու եւ ծածկոցներու հիմնական օրինակներ: Կը խնդրուի, որ միայն ակրիլային (acrylic) մանուած բուրդ օգտագործուի:
Անհատներու, տարբեր կազմակերպութիւններու եւ եկեղեցական խումբերու աջակցութիւնը այս ծրագիրին իսկապէս քաջալերական է եւ օգտակար հայրենիքի մեր նորածիններուն: North Carolina-էն տիկին մը, որ վերջերս սկսաւ մասնակցելու այս ծրագիրին, կը գրէ. «Իմ մեծ մայրը իր ընտանիքին մէջ միակ վերապրողը եղած է Ցեղասպանութեան: Ես իրմէ եւ իմ մօրմէս սորված եւ տիրապետած եմ ձեռագործի տաղանդիս: Երախտապարտ եմ Աստուծոյ ինծի տրուած այս շնորհքին համար եւ կ՛ուզեմ այս տաղանդս գործածել՝ օգնելու ուրիշներուն: Շնորհակալ եմ, որ ձեր ծրագիրին միջոցաւ կրնամ իրականացնել Հայաստանի մանուկներուն օգնելու երազանքս»:
Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի եղանակին, Երեւանի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի տնօրէնութեան համագործակցութեամբ, յատուկ հաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ ԱՀԱԸի Խորէն եւ Շուշանիկ Աւետիսեան դպրոցին եւ համայնքային կեդրոնին մէջ, շրջանի երեխայ սպասող մանկավարժուհիներուն համար: Դպրոցի դահլիճին մէջ ներկաները սիրով ողջունուեցան տնօրէնուհի Մելանիա Գեղամեանի, ԱՀԱԸը Հայաստանի ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեանի, ինչպէս նաեւ Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի տնօրէնութեան կողմէ: Հաւաքոյթին ընթացքին ներկաներուն ցուցադրուեցաւ յատուկ ֆիլմ մը մայրութեան մասին: Զուարճալի հաւաքոյթի աւարտին երեխայ ակնկալող մանկավարժուհիներուն նուիրուեցան նորածիններու համար սիրով հիւսուած գլխարկներ, ծածկոցներ եւ այլ հագուստեղէն, ինչպէս նաեւ 2015ի օրացոյցներ, բացիկներ եւ ԱՀԱԸի 95 տարիներու պատմութիւնը ներկայացնող գրքոյկներ: Մալաթիա-Սեբաստիա շրջանի տեղական օրաթերթերը անդրադարձան այս յատուկ միջոցառումին մասին:
«Սիրով Հիւսուած» ծրագիրի տիկիններուն բաղձանքն է, որ ժամանակ մը գայ, երբ Հայաստանի ամէն նորածին մանուկ ծննդատուներէ տուն վերադառնայ խանձարուրուած ծածկոցով եւ գլխարկով՝ սիրով հիւսուած եւ նուիրուած ձեզի նման հոգատար անձերու կողմէ:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ այս ծրագիրին մասնակցելու համար կրնաք կապ հաստատել ԱՀԱԸի կեդրոնին հետ՝ հեռ. 201.265.2607, կամ այցելել ընկերացութեան կայքը՝ www.amaa.org եւ սեղմել Stitched with Love tab-ը: Այս ծրագիրին կրնաք մասնակցիլ նաեւ մանուածքի եւ փոխադրութեան ծախսերուն համար ձեր նիւթական նուէրները ղրկելով ԱՀԱԸի կեդրոնը՝ 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652: Ձեր նուիրատուութիւնը credit card-ով կատարելու համար, կրնաք այցելել ընկերակցութեան կայքը՝ www.amaa.org:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.