
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՍ ԵՒ ԱՐՏԱ ԵՄԵՆԻՃԵԱՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ԱՄՈԼԸ՝ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐ
Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի մեծ ընտանիքը, համայն հայութեան հետ, այս տարի եւս, յարգելով տասնամեակներու բարի աւանդութիւնը, 6 Յունուարին, հայկական Ս. Ծնունդը տօնեց Ս. Պատարագով եւ ջրօրհնէքի արարողութեամբ, իսկ երեկոյեան, բազմահարիւր ազգայիններ, ընդառաջելով առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հրաւէրին, համախմբուեցան Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահը, ուր կրօնաբոյր ու ազգաշունչ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր Ս. Ծննդեան ընթրիքը:
«Բաղրամեան» սրահը, երեկոյեան ժամը 6:30էն սկսեալ եղաւ ժամադրավայրը թեմի ներկայացուցչական դէմքերուն ու բազմահարիւր ազգայիններու, որոնք խմբուած էին համատեղ տօնելու հայ քրիստոնեային Ս. Ծննդեան տօնը՝ հաղորդուելով Աստուածայայտնութեան խորհուրդներով: Մասնակիցներուն թիւը կը հասնէր 600ի:
Առաջնորդ սրբազանին հրաւէրին ընդառաջած էին Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսը՝ Ճոնի Իպրահիմ, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Խաժակ Տիքիճեան եւ Վիգէն Գասապեան, ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Եագուպեան եւ անդամներ, Ազգային Վարչութեան անդամներ, ՀՕՄի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց, Համազգայինի, ՀՄԸՄի, Հայ Դատի յանձնախումբի եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ներկայացուցիչներ եւ տնօրէններ, CASPSի եւ «Ֆորէսթ Լոն»ի ներկայացուցիչներ: Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի առաջին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Մոնթեպելլոյի նորընտիր քաղաքապետ Ճէք Հաճինեան, թեմի եկեղեցիներու հոգաբարձութեանց եւ երեսփոխանական կազմի անդամներ, Ազգային առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ, իրենց ընտանիքներուն հետ միասին, ու ներկայացուցչական այլ դէմքեր:
Սրահ ժամանողները պահ մը մտերմիկ պահ մը ունեցան առաջնորդին եւ իրարու հետ, ապա, իրենց տեղերը գրաւելով, սպասեցին խորհրդաւոր պահուն, որ պիտի ստեղծուէր հոգեւորականաց դասու սրահ մուտքով: Հանդիսավարը՝ Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան, ողջոյնի հակիրճ խօսքով մը անդրադարձաւ տօնական օրուան խորհուրդին եւ հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս դիմաւորելու առաջնորդ սրբազանն ու հոգեւորականաց դասը, որոնք մոմեր ի ձեռին, «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի», «Այսօր տօն է Ս. Ծննդեան» շարականներուն երգեցողութեամբ սրահ մտան եւ յոտնկայս դիմաւորուեցան ներկաներուն կողմէ, որոնք նմանապէս մոմեր ունէին իրենց ձեռքերուն, ու բոլորին հաղորդեցին Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան աւետիսը՝ Ս. Ծննդեան աւետարանական հատուածին ընդմէջէն:
Տեղի ունեցաւ Թաթախի աւանդական արարողութիւնը եւ այնուհետեւ, ծրագրուած յայտագիրը ընթացաւ հեզասահ կերպով:
Բացման խօսքով՝ ներկաները ողջունեց Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Ծովիկ Զէյթլեան, որ բարի վայելում մաղթեց աւանդական այս երեկոյին մասնակիցներուն:
Հանդիսավարը այնուհետեւ հրաւիրեց ներկաները ունկնդրելու Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական պատգամը, ուղղուած՝ թեմի զաւակներուն: Վեհափառ հայրապետը վեր առաւ եկեղեցանուէր ու ժողովրդանուէր ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ իր պատգամը կեդրոնացուց երեք հիմնական մտածումներու վրայ. Առաջին՝ կազմակերպուածութեան կարեւորութիւնը, իբրեւ հիմ ու աղբիւր հզօրութեան, համայնքային, ազգային ու պետական մակարդակներու վրայ: Ան յիշեցուց եկեղեցին ժողովուրդին տանելու եւ ժողովուրդը եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ներգրաւելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ առանց ժողովուրդի, եկեղեցին կը մնայ լոկ քարեղէն կառոյց: Երկրորդ՝ հայութեան պահանջատիրութիւնը, մանաւանդ, որ 2015 տարին կը նշէ Ցեղասպանութեան 100ամեակը: Իբրեւ իրաւազրկուած ժողովուրդ, պէտք է տէր կանգնինք մեր իրաւունքներուն ու զանոնք հետապնդենք պահանջատէրի կամքով, այս տարի աւելի՛ կազմակերպուած եւ ուժական կերպով մեր շրջապատին ու աշխարհին յիշեցնենք մեր պահանջները ու զանոնք վերածենք մեր բոլոր աշխատանքներուն կիզակէտին: Իսկ երրորդ՝ պահպանել միասնականութիւնը, շրջանցելով դարերու ընթացքին, մեր կամքէն անկախ պատճառներով ստեղծուած բաժանումները, որովհետեւ հակառակ արտաքին ազդակներու, հայութիւնը հիմնական հարցերու մէջ մնացած է ու կը մնայ միակամ: Վեհափառը շեշտեց, որ մասնաւորաբար այսօր, հայութիւնը միակամ կերպով պահանջատէր կը ներկայանայ Թուրքիոյ դէմ, Հայաստանէն ու Արցախէն մինչեւ Սփիւռքեան օճախներ, մէկ ազգ, մէկ հայրենիք ու մէկ պահանջատիրութիւն մօտեցումով: Ան աղօթք բարձրացուց, որ այս ուղին հայութիւնը առաջնորդէ դէպի հաւաքական կեանքի պայծառակերպութիւն:
Ազգային վարչութեան անունով խօսք առաւ ատենապետը՝ Վահէ Յովակիմեան: Պաշտօնական ու ներկայացուցչական անձնաւորութիւնները եւ ներկաները ողջունելով, ան նշեց, որ այս ընթրիքի երեկոն մեր պապերուն բացած ճամբուն հաւատարմութեան ուրախ աւանդապահութիւն մըն է, ուխտի ու յանձնառութեան վերանորոգութեան առիթ: 2015 տարին հայութեան համար պահանջատիրութեան թափ տալու պատմական հանգրուան մըն է, հետեւաբար, պէտք է ուխտել, որ այս տարուան բոլոր ձեռնարկներուն ու պայքարի երթին մասնակից պիտի ըլլանք յիշելով ու յիշեցնելով:
Սրտի խօսք արտասանեց Լիբանանի դիւանագիտական ներկայացուցիչը՝ Ճոնի Իպրահիմ: Ողջոյնի ու շնորհաւորանքի արտայայտութիւններէ ետք, ան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի տագնապալի վիճակին, նշելով, որ վերջին չորս տարիները եղան ծանր, Լիբանան եւս մասնակից է ոճրային ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, պաշտպան կը կանգնի փոքրամասնութիւններուն, իր արտաքին գործոց նախարարութեան միջոցով անհրաժեշտ հետապնդումը կը կատարէ միջազգային իրաւական ատեաններու մօտ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան եղած է ու կը մնայ համակեցութեան երկիր, որուն ժողովուրդին անբաժանելի մէկ մասն է հայ համայնքը: Լիբանանցի դիւանագէտը անդրադարձաւ նաեւ հայութեան համար 2015 թուականի կարեւորութեան եւ հաստատեց, որ Ցեղասպանութեան յիշատակումին մէջ Լիբանանը պիտի ունենայ կեդրոնական տեղ: Ան վեր առաւ պատմական նշանակութիւնը 100ամեակի նշանակին համար ընտրուած ծաղիկին, որ կը խորհրդանշէ յիշողութիւն: Ան իր խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ նոր շրջանը նոր յոյսերով հարստացնէ հայութիւնն ու աշխարհի ժողովուրդները:
Առաջնորդ սրբազան հօր ընթրիքի երեկոյի այս տարուան գլխաւոր հովանաւորն էր տէր եւ տիկին Ալեքս եւ Արտա Եմենիճեան բարերար ամոլը, որ ներկայ էր ձեռնարկին: Անոնց կողքին, լիաբուռն նուիրատուութիւններով ձեռնարկին հովանաւորման մասնակից էին ազգային բարերարներ Հէնք Խաչատուրեան, տիկին Թինա Գարոլան եւ «Գարոլան» հիմնարկը, ինչպէս նաեւ տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Անահիտ Օհանէսեան ամոլը: Ներկաներուն տրուեցան տէր եւ տիկին Յարութ եւ Քրիստինա Չափարեան բարերար ընտանիքին կողմէ տրամադրուած յուշանուէրներ, որոնք Ազգային առաջնորդարանին համար պատրաստուած էին յատուկ մօտեցումով եւ կ՛ընդգրկէին Ցեղասպանութեան 100ամեակի խորհրդանշան-ծաղիկը, «Կը յիշեմ, կը պահանջեմ» նշանախօսքով: Ձեռնարկի նուիրատուներուն ու հովանաւորներուն, ինչպէս նաեւ այս առիթով Ազգ. առաջնորդարանին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ կատարողներուն ցանկը հրատարակուած էր յատուկ գրքոյկով մը: Ուրախալի է, որ Ս. Ծննդեան ընթրիքի այս երեկոյին առիթով կատարուած նուիրատութիւնները նոր նուաճում մը եւ աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրեցին, պերճախօս արտայայտութիւն մը ըլլալով Ազգ. Առաջնորդարանին հանդէպ զօրակցութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրը ճոխ էր ու շեշտակիօրէն հայկական. մուտքին, Մերուժան Մարգարեան ջութակի վրայ նուագներով հայկական հաճելի մթնոլորտ ստեղծեց: Կրէկ Հօշարեանի քառեակը (Կրէկ Հօշարեան՝ դաշնակ, Սալբի Քերքոնեան՝ սրինգ, Ճորճ Պիլէզիքճեան՝ թմբուկ եւ Այլին Ամիրեան՝ երգ) ճաշի պահուն դասական, ժողովրդային ու հայրենասիրական երաժշտութեամբ ու երգերով խանդավառեց մթնոլորտը: Երգչուի Թալին Նալպանտեան առնիքնող ոճով ներկայացուց Ս. Ծննդեան տօնին «Լուռ Գիշեր», «Ով Զարմանալի» եւ «Այսօր Ձայնն Հայրական» երգերը, իսկ Համազգայինի «Անի» պարախումբը, Եղիա Հաշօլեանի եւ Սիւզի Դարբինեան-Բարսեղեանի ղեկավարութեամբ, հանդէս եկաւ հայկական գեղեցիկ պարերով:
Հայկական տոհմիկ մթնոլորտով յագեցած երեկոն իր աւարտին հասաւ առաջնորդ սրբազանին պատգամով, որուն ամբողջութիւնը պիտի հրատարակենք յառաջիկայ Երեքշաբթի:
Առաջնորդ սրբազանը վեր առաւ Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան խորհուրդով ու երկրաւոր կեանքով մարդկութեան ուղղուած սիրոյ, հաճութեան ու խաղաղութեան պատգամներուն, ապա, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց վեհափառ հայրապետին, այս երեկոյին առիթով պատգամին ու ընդհանրապէս առաջնորդարանի աշխատանքներուն ուղեցոյցի իր հանգամանքին համար: Առաջնորդ սրբազանը, թեմին մէջ իր պաշտօնավարութեան շրջանին ընթրիքի 20րդ այս երեկոյին առիթով ողջունեց պաշտօնական ու ներկայացուցչական անձնաւորութիւնները, բարերարներն ու Ազգ. առաջնորդարանի զօրակից բարեկամները, որոնց գործակցութիւնը անփոխարինելի դեր ունի առաջնորդարանի աշխատանքներուն յաջողութեան մէջ:
Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքը շարունակեց հանգամանօրէն անդրադառնալով Ցեղասպանութեան յիշատակման համար յառաջիկայ ամիսներուն նախատեսուած ծրագիրներուն, որոնք պիտի միացնեն հայութեան ձեռքերը՝ Հայաստանէն ու Արցախէն մինչեւ սփիւռքեան օճախներ: Ան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով, որ հայութիւնը իր ամբողջ պատմութիւնը կերտած է հետեւելով Քրիստոսի պատգամներուն ու Անոր հաւատարմութեամբ՝ յաջողած է վերականգնիլ ու վերականգնել իր հաւաքական կեանքն ու հայրենիքը:
Երեկոն վերջ գտաւ առաջնորդ սրբազանին «Պահպանի»չով, «Կիլիկիա»ի եւ Հայրապետական Մաղթանքի խմբերգումով: Ներկաները զիրար շնորհաւորեցին Ս. Ծննդեան ու ամանորի առիթով ու մեկնեցան պատմական թուական մը թեւակոխած ըլլալու զգացումներով: