Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ իրենք որոշած են 100ամեակին ընդառաջ հնչեցնել նահատակ բանաստեղծներու խօսքերով գրուած երգերը. «Իմ երգերից մէկը ընտրուեց հէնց Սիամանթոյի անուան դպրոցի հիմնը: Սա տարուայ ամենապայծառ իրադարձութիւններից էր», ըսած է ան։
2015ի համար կան շարք մը երգեր եւ մտայղացումներ, որոնք, ինչպէս Դանիէլ Երաժիշտը նշած է, նոյնպէս Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ կեանքի պիտի կոչուին:
Ամփոփելով արդէն անցած տարին՝ երաժիշտը աւելցուցած է, որ ուսումնական բնագաւառին մէջ արձանագրուեցան յաջողութիւններ, բազմաթիւ համերգներ ու փառատօներ տեղի ունեցան: Տարին չափազանց արդիւնաւէտ էր ստեղծագործական առումով:
Ան մաղթեց, որ ժողովուրդը դժուարութիւնները դիտարկէ որպէս փորձութիւններ, որոնք պէտք է յաղթահարուին եւ աւելի զօրացնեն. «Սոցիալապէս որքան արդար, այդքան զօրաւոր է մեր հայրենիքը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.