Կայքի խմբագրութեան աշխատակիցները կապուած են զօրահաւաքը կազմակերպող պետական ծառայութեան պատասխանատուներուն՝ փորձելով ճշդել, թէ տեղի ունեցող նախաձեռնութիւնները որքանով կապուած են վերջին օրերուն առաջնագիծին վրայ տիրող իրավիճակին հետ: Պատասխանը եղած է այն, որ հաւաքը ծրագրային է:
Յայտնի չէ, սակայն, թէ ստուգիչ նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ քանի պահեստայինի հաւաք նախատեսուած է:
Նշենք, որ, ըստ ատրպէյճանական օրէնսդրութեան, հաւաքներու կայացման ժամանակահատուածը կ՛որոշէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, իսկ մասնակից անձնակազմի թիւը՝ երկրի նախագահը: Օրէնքին համաձայն՝ զօրաշարժի պատրաստականութիւնը ստուգելու նպատակով կազմակերպուող հաւաքները կրնան տեւել 10 օր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.