ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ստեփանցմինտա-Լարս ճամբուն վրայ ձիւնաբուքի տակ մնացած ինքնաշարժին մէջ երկու հայաստանցիներ մահացած են. անոնց մահուան պատճառին վերաբերող երկու վարկած կայ՝ ցրտահարութիւնը կամ ինքնաշարժին մէջ թունաւոր կազերու արտահոսքը, որուն աղբիւր կրնայ հանդիսանալ մնայուն կերպով աշխատած ջերմացուցիչը։
Մահացածները Սեւանի բնակիչներ էին: Դիակները, ինչպէս «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է զոհուածներուն հարազատներէն Եուրա Գալստեանը, դեռ Հայաստան չեն տեղափոխուած:
Հարազատներուն համաձայն՝ անոնք Ռուսիա կ՛երթային ընկերային եւ նիւթական խնդիրներու պատճառով:
Եուրա Գալստեան պատմած է, որ զոհուածներէն 51ամեայ Շահէն Յարութիւնեան ղարաբաղեան պատերազմի մասնակից էր, ունէր հաշմանդամութեան կարգ: Ծայրայեղ վատ ընկերային պայմաններու իբրեւ հետեւանք անոր ընտանիքը յայտնուած է մեծ պարտքերու տակ. «Հաշմանդամ էր, պատերազմի մասնակից ե՛ւ ինքը, ե՛ւ քոյրը: Հայրը անկողնային հիւանդ է, մայրը հիւանդ է: Չորսով իրար հետ էին ապրում քրոջ թոշակով եւ հօրն ու մօր թոշակով: Պարտքեր ունէին, Շահէնը գնում էր այդ պարտքերը փակելու համար աշխատեր…»:
Ուժեղ ձիւնաբուքը եւ զերոյէն ցած ջերմաստիճանը պատճառ դարձած է նաեւ այլ հայու մը մահուան։ Մօտ երկու օր անհետ կորսուած Վրաստանի քաղաքացի, Նինոծմինտայի բնակիչ 54ամեայ Վազգէն Գինոսեանի դին 8 Յունուարին փրկարարները գտած են իր ինքնաշարժին մէջ՝ Նինոծմինտա -Ախալքալաք ճամբուն վրայ։
Մահացողին համաքաղաքացին՝ Աղունիկ Այվազեանը «Ազատութեան» յայտնած է. «Մեքենաները մնացել էին ճանապարհին, ամբողջ ոստիկանութիւնը, էմչէէսը բան էին անում, չէին կարողանում մարդկանց ազատել: Մէկին, որ ճանապարհին ծննդաբերել էր, հազիւ հասցրին հիւանդանոց, իսկ այդ տղամարդուն չկարողացան փրկել: Արդէն սառել էր»:
Չդադարող ձիւնն ու սառոյցը 8 Յունուարին կրկին անանցանելի դարձուցած են Նինոծմինտայէն մինչեւ Հայաստանի սահման՝ Բաւրայի անցակէտը տանող ճամբան։ Վրաստանի ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն «Ազատութեան» յայտնած են, որ այդ հատուածին մէջ արգելափակումէ դուրս բերած են քանի մը տասնեակ ինքնաշարժներ, իսկ ձիւնը մաքրելու աշխատանքները մնայուն կերպով կը շարունակուին։
«Ամէն ինչ կը կատարուի, որպէսզի ճանապարհը շուտափոյթ կերպով անցանելի դառնայ: Եթէ եղանակային պայմանները աւելի եւս չվատթարանան, ապա ճանապարհահատուածը երեկոյեան արդէն երթեւեկելի պիտի ըլլայ», յայտնած է նախարարութեան ներկայացուցիչը:
Հայաստանը Ռուսիոյ կապող միակ ցամաքային ճանապարհը՝ Լարսի անցակէտը կրնայ տակաւին երկար ժամանակ փակ մնալ: Ճամբու մաքրութեան աշխատանքները դադրեցուած են, կը սպասեն, եղանակի բարելաւման: Վրաստանի ենթակառուցուածքներու նախարարութեան ներկայացուցիչը փոխանցած է, որ Ստեփանծմիտա-Լարս ճանապարհահատուածին մէջ արգելափակումէ դուրս բերուած է աւելի քան 200 ինքնաշարժ, որուն մէջ եղողները կարելի եղած է լաւ վիճակի մէջ տեղ հասցնել։
Վերջին օրերուն ձիւնը անանցանելի դարձուցած է նաեւ կարգ մը ճամբաներ Հայաստանի մէջ։ Ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն «Ազատութեան» յայտնած են, որ մերկասառոյցի պատճառով վերջին երկու օրերուն օգնութեան հասած են արգելափակման մէջ յայտնուած աւելի քան 300 ինքնաշարժներու վարորդներու եւ անոնց ուղեւորներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.