Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի հաւատացեալ ժողովուրդը եւս, աշխարհատարած հայութեան հետ, այս շաբաթասկիզբին եկեղեցական արարողութիւններով ու հանդիսութիւններով տօնեց Յիսուս Մանուկի Ս. Ծնունդն ու աստուածայայտնութիւնը, տարեսկիզբի այս օրերուն վերստին հաղորդակից դառնալով Աստուածորդւոյն աշխարհ առաքելութեան խորհուրդներու պատգամներուն:
Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Երկուշաբթի, 5 Յունուարի երեկոյեան, Ճրագալոյցի արարողութեամբ: Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ս. պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ եւ տուաւ Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան աւետիսը:
Երեքշաբթի, 6 Յունուարի առաւօտուն, թեմի բոլոր եկեղեցիները համակուած էին Ս. Ծննդեան տօնի մթնոլորտով: Առաջնորդ արբազանը Ս. պատարագ մատուցեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ կատարեց æրօրհնէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ Յիսուսի Մկրտութեան խորհուրդը: Նոյն օրը, երեկոյեան, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, Ազգային առաջնորդարանի բարերարներ ու բարեկամներ, ինչպէս նաեւ բազմահարիւր ազգայիններ մասնակից եղան առաջնորդ սրբազանին Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիքի երեկոյին, որ տեղի ունեցաւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ եւ պսակուեցաւ աննախընթաց յաջողութեամբ: Իսկ Չորեքշաբթի, 7 Յունուարի առաւօտուն, տօնական այս օրերուն առիթով, աղօթքով ու եկեղեցական յատուկ արարողութիւններով յիշատակութեան արժանացան մեր հանգուցեալ հարազատները (մանրամասնութիւնները՝ յետագային):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.