ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային եւ արեւելեան ուղղութիւններով 2-3 Յունուարին ատրպէյճանական կողմէ ձեռնարկուած ներթափանցման գործողութեան իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած Վոլոդեա Յարութիւնեանի վիճակը կայուն ծանր է: «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է հիւանդանոցի պատասխանատու Արամ Ասատուրեանը՝ աւելցնելով, որ 4 Յունուարին զայն տեղափոխած են Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնական զինուորական հիւանդանոց։
Յիշեցնենք, որ Ստեփանակերտի հիւանդանոցին մէջ ան վիրահատութեան ենթարկուած էր, ապա փոխադրուած Երեւան։
Արամ Ասատուրեան նշած է. «Այս պահին իրենք սպասում են, որ զինուորի վիճակը կայունանայ, որից յետոյ ողնաշարի ֆիկսացիայի վիրահատութիւն պիտի կատարուի»: Անոր համաձայն՝ վնասուած են Վոլոդեա Յարութիւնեանի թոքն ու երիկամը:
Նշենք, որ Վոլոդեա Յարութիւնեան Արարատի մարզի Քաղցրաշէն համայնքէն է, ամուսնացած է եւ ունի դպրոցական երեխայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.