ՊԸՐՊԵՆՔ.- Դոկտ. Արմոնտ Աղախանեանի ընտրապայքարի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Պըրպենքի ուսուցիչներու միութիւնը որոշած է նեցուկ կանգնիլ Աղախանեանին, որ Պըրպենքի Կրթական խորհուրդի անդամ ընտրուելու ընտրապայքար կը տանի։
1948ին հաստատուած Պըրպենքի ուսուցիչներու միութիւնը կը ներկայացնէ աւելի քան 800 ուսուցիչներ, խորհրդատուներ, հիւանդապահներ, գրադարանի պաշտօնեաներ եւ կրթական մարզի այլ մասնագէտներ, որոնք Պըրպենքի միացեալ կրթաշրջանի պաշտօնեաներ են։
«Իբրեւ ուսուցիչ, որուն մայրն ալ ուսուցիչ եղած է, ինծի համար մեծ պատիւ է այս միութեան ցուցաբերած նեցուկը», կը յայտնէ դոկտ. Արմոնտ Աղախանեան։
Դոկտ. Արմոնտ Աղախանեան 15 տարիներու փորձառութիւն ունի կրթական եւ հանրային սպասարկութեան մարզերէն ներս ու եղած է շարք մը ոչ-շահութաբեր կազմակերպութեանց վարչութիւններու անդամ: Ներկայիս, ան անդամ է Պըրպենք քաղաքի վարժարաններու կալուածներու հսկողութեան, ինչպէս նաեւ զբօսավայրերու եւ համայնքային սպասարկութեանց յանձնախումբերուն: Ան «Փեփըրտայն» համալսարանէն ստացած է դոկտորի իր տիտղոսը՝ մասնագիտանալով կրթութեան եւ հոգեբանութեան ճիւղերուն մէջ, իսկ գործարարութեան մարզին մէջ մագիստրոսի կոչումը ստացած է Պըրպենքի «Ուուտպըրի» համալսարանէն:
Պըրպենքի կրթական խորհուրդի այս տարուան ընտրութեանց արդիւնքով պիտի լեցուին խորհուրդին մէջ թափուր մնացած երեք աթոռները:
Դոկտ. Արմոնտ Աղախանեանի ընտրապայքարին մասին յաւելալ տեղեկութեանց համար այցելել www.ArmondforSchoolBoard.com կայքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.