ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան այցելած է Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան Գաւառի մանկատուն՝ ընկերակցութեամբ Գեղարքունիքի մարզպետ Ռաֆիկ Գրիգորեանի եւ մանկատան տնօրէն Նիկոլա Նալբանդեանի:
Օրէնսդիր մարմինի ղեկավարը դիմաւորած են մանկատան սաներն ու աշխատակազմը: Շրջագայելով մանկատան մէջ՝ Գալուստ Սահակեան զրուցած է մանկատան անձնակազմին եւ սաներուն հետ, ծանօթացած վերջիններուն կեցութեան պայմաններուն: Ան այցելած է նաեւ երեխաներու ննջարաններ, խաղասրահ, դասասենեակ, գրադարան եւ ճաշարան՝ ծանօթանալով ճաշացանկին:
Ան ներկայ գտնուած է նաեւ գորգագործական խմբակի դասընթացքին, ուր մանկատան սաները ներկայացուցած են իրենց ձեռագործ աշխատանքները, գորգերը եւ այլն։
Մանկատան տնօրէն Նիկոլայ Նալբանդեան նշած է, որ մանկատան մէջ կը բնակի 62 երեխայ, որոնցմէ 50ը կը յաճախէ հանրակրթական դպրոցներ, 3ը՝ Գաւառի պետական համալսարանին մէջ կ՛ուսանի, իսկ 5 տղաք ալ կը ծառայեն հայոց բանակին։ Ան աւելցուցած է, որ 2014 թուականին մանկատունէն որդեգրուած են 21 երեխաներ:
Մանկատան սաները ամանորեայ խորհրդանշական ներկայացում պատրաստած էին Ազգային ժողովի նախագահին եւ ներկաներուն համար: Աւարտին երեխաներուն այցելած է Կաղանդ պապան, որ անոնց բաժնած է Ազգային ժողովի նախագահին բերած նուէրները։
Խորհրդարանի ղեկավարը շնորհաւորած է բոլորին տօնական օրերը եւ իր խօսքին մէջ ողջունելի նկատած է այն, որ մանկատունը ունի լաւ պայմաններ եւ ջերմ միջավայր: Հանդիպման աւարտին մանկատան սաները Սահակեանին նուիրած են իրենց ձեռագործ աշխատանքներէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.