ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ մեծ պատասխանատուութիւն դրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ուսերուն։ Վերջին քանի մը տարիներուն թանգարանին մէջ նախապատրաստական լուրջ աշխատանքներ տարուած են արդէն՝ 100ամեակին ընդառաջ, կը մշակուի նաեւ ռազմավարութիւն: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի փոխանցմամբ, այսօր արդէն նախապատրաստական աշխատանքի առիւծի բաժինը կարելի է աւարտած նկատել: Մասնաւորապէս, երեք տարուան շինարարական աշխատանքը աւարտած է, եւ Ապրիլին թանգարանը պիտի ներկայանայ նոր տեսքով եւ նախագիծով:
«Յուշահամալիրի տարածքում ամբողջութեամբ նորոգուել է յուշասիւնը, համալիրը պատրաստ է, շինարարական աշխատանքներն աւարտուել են մի քանի շաբաթ առաջ: Հաշուած օրերի ընթացում պատրաստ կը լինենք իրագործել նոր ցուցադրութեան դիզայներական նախագիծը: Նոր թանգարանի շէնքը 2,5 անգամ ընդարձակուել է, թանգարանն ունի նոր յարմարութիւններ, ստեղծուել է բացառիկ պայման ֆոնդերի պահպանութեան համար, վերազինուել են կահոյքը, տեխնիկական միջոցները», տեղեկացուցած է Հայկ Դեմոյեան՝ աւելցնելով, որ վերջին տարիներու վիճակագրութիւնը կը փաստէ, որ թանգարանին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը մնայուն կերպով կ՛աւելնայ:
Թանգարանի փոքրիկ սրահին մէջ կայ մնայուն ցուցադրութիւն, եւ այս տարի տասնհինգ հազար այցելու ունեցած է անիկա: «Յաջորդ տարի թանգարանի հանդէպ հետաքրքրութիւնն աւելի կը մեծանայ: Չենք սահմանափակուի միայն Ծիծեռնակաբերդում ցուցադրութեամբ: Մեր զինանոցի պաշարի մի մասը կը ցուցադրուի աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներում: Թեմատիկ առումով դրանք բազմազան են: Նախատեսւում է ունիւերսալ ցուցադրութիւն՝ չորս լեզուներով, որը ներկայացնելու ենք Սփիւռքի բազմաթիւ համայնքներում: Իւրաքանչիւր տարածաշրջանի համար նախատեսւում է առանձին ցուցադրութիւն եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններին կ՛ուղեկցեն բազմալեզու կատալոգները: Այս պահի դրութեամբ բոլոր աշխարհամասերում աւելի քան յիսուն ցուցադրութեան անցկացում է նախատեսւում», յայտնած է Դեմոյեան:
Վերջերս թանգարանը կարեւոր եւ մեծ ցուցահանդէսներու կայացման գծով համաձայնութիւններ գոյացուցած է աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներու ղեկավարներուն հետ:
Կան յատկապէս քանի մը յատկանշական նախաձեռնութիւններ. Ապրիլին Փարիզի քաղաքապետարանը պիտի հիւրընկալէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի ցուցադրութիւնը: Քաղաքապետարանին՝ Լուվրի կից գործող երկու մեծ ցուցասրահներուն մէջ պիտի ներկայացուին թանգարանի ցուցանմոյշները: Լոս Անճելըսի մշակութային կեդրոնին մէջ երեք օր շարունակ պիտի գործէ «Հայոց Ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի էջերում» խորագիրով ցուցադրութիւնը, որ պիտի ներկայացուի նաեւ եւրոպական շարք մը մայրաքաղաքներու մէջ:
Մեծագոյն ծրագիրներէն է նաեւ Երեւանի մէջ կայանալիք ցեղասպանագէտներու համաժողովը: 8-12 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ մեծ գիտաժողով, որուն պիտի մասնակցին աւելի քան 300 ցեղասպանագէտներ։
«Ոսկէ Ծիրան» շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ պիտի ցուցադրուի Արշալոյս (Օրօրա) Մարտիկանեանի պատմութեան նուիրուած եւ Ցեղասպանութեան մասին պատմող շարժապատկերը՝ «Բռնաբարուած Հայաստան» խորագիրով, իսկ համահայկական խաղերուն ընթացքին պիտի ցուցադրուի մինչեւ 1915 թուական Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայկական մարմնակրթութեան մասին հաւաքուած հսկայական արխիւը: Աշնան կը նախատեսուի կայացնել մեծ գիտաժողով «Ցեղասպանութեան երեխայ զոհեր» խորագիրով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.