ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային եւ արեւելեան ուղղութիւններով 2-3 Յունուարին ատրպէյճանական կողմէ ձեռնարկուած ներթափանցման գործողութեան իբրեւ հետեւանք զոհուած 19ամեայ Վարդան Մկրտչեան 5 Յունուարին, զինուորական կարգով, յուղարկաւորուեցաւ Հովտաշէնի գերեզմանատան մէջ:
Արարողութեան ներկայ էին զինուորականներ, ընկերներ, բարեկամներ եւ համագիւղացիներ: Վարդանի ծանօթները կը վկայեն, որ ան խելացի ու հայրենասէր երիտասարդ էր:
«Իրեն փոքր տարիքից ճանաչում ենք, այնքան լաւ կողմեր ունէր, որ չգիտենք՝ որ մէկը յիշենք, որ մէկն ասենք: Թերութիւն չենք տեսել թէ՛ դպրոցական տարիքում, թէ՛ դրանից յետոյ», «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է անոր բարեկամներէն Արշալոյս Մկրտչեանը:
Բարեկամուհին պատմած է, որ Վարդանը դէպքին օրը հեռաձայնած ու խօսած է ընտանիքի անդամներուն հետ, շնորհաւորած տատիկին ծնունդը։ Անոր համաձայն՝ Վարդան արդէն իսկ ընտրած էր իր կեանքի ընկերը եւ բանակի ծառայութիւնը աւարտելէ ետք պիտի ամուսնանար։ «Ընկերուհի ունէր, համարեա նշանուած էին, մնում էր՝ մի մատանի դնէին մատին: Չորս ամիս էր մնացել, որ գար ու նշանուէր, յետոյ հարսանիք անէին: Իր նշանածն էլ մի քանի օր է՝ վատ է: Ճիշդ է՝ զանգել, անընդհատ հետը խօսել է, բայց ոչ երեսը տեսաւ, ոչ էլ: Երեւի սա էլ մեր բախտն էր»:
Յիշեցնենք, որ չորս ամիսէն Վարդան պիտի աւարտէր իր զինուորական ծառայութիւնը: Ան ունի իրմէ փոքր եղբայր մը, հայրը երկրորդ կարգի հաշմանդամ է, մայրը հողագործութեամբ կը զբաղի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.